Տորթմունտ Պատրաստ Է 10 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Ռէօյսին

0828_marco_reusԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Պիլտ» կը յայտնէ, որ իր կազմին մէջ պահելու համար միջնապահ Մարքօ Ռէօյսը, Պորուսիա Տորթմունտ պատրաստ է անոր առաջարկելու նոր պայմանագրութիւն մը, ըստ որուն, 25 տարեկան ֆութպոլիստը տարեկան իր ակումբէն պիտի գանձէ 10 միլիոն եւրօ:

Այս նոր պայմանագիրով կրկնակիօրէն պիտի աւելնայ անոր փոխանցման արժէքին գումարը, կ՛աւելցնէ վերոնշեալ աղբիւրը:

Նշենք, որ Ռէօյսի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ եւ Ռէալ Մատրիտ:

Share this Article
CATEGORIES