Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց 75-րդ Ախոյեանութիւն. Լեւոն Փափուճեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ճատրակի տղոց 75-րդ ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի կեդրոնական տան մէջ, արդէն իսկ կտրած է 7 հանգրուան: Մրցաշարքը բաղկացած է 13 հանգրուանէ:

7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Լեւոն Փափուճեան իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5,5 կէտ կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Յովհաննէս Կապուզեան (5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքին վրայ` Դաւիթ Շահինեան (4,5 կէտ):

Երէկ հանգիստի օր էր: Ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ 3 սեպտեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES