Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց Հարաւային Քորէայի Դեսպանին
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Սոֆի Ապու Ժաուտէ յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ հարաւային Քորէայի դեսպան Շու Ժոնկ Իլի, որուն հետ քննարկեց այս մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ այս մարզաձեւին զարգացման կարելիութիւններուն գծով աշխատանք տանելու կարելիութիւնները:
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երկու երկիրներու բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ Ուալիտ Զրէյք:
Դեսպան Շու Ժոնկ Իլ մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ լիբանանցի մարզիկներուն ունեցած բարձր մակարդակին մասին` նշելով, որ անոնք միշտ ալ պատուաբեր արդիւնքներ կ՛արձանագրեն Թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքերուն:
CATEGORIES Մարզական

