Նախարար Ղազարեան Հիւրընկալեց Սիւզի Քենթիքեանը
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց կռփամարտի աշխարհի հայազգի ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր, գերթեթեւ կարգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեանը:
Նախարարը ողջունելով իր հիւրը նշեց, որ հայ ազգը միշտ ալ կը հետեւի անոր մրցելոյթներուն եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէ անոր հերթական յաղթանակին, կ՛ուրախանայ անոր ձեռքբերումներով:
Նախարարին խօսքերով, Քենթիքեանի օրինակը վարակիչ է եւ կ՛ոգեւորէ բազմաթիւ հայ աղջիկներ` մարզաշխարհով հետաքրքրուելու եւ կռփամարտի աշխարհին մէջ յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար:
Այս ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով` Քենթիքեան ըսաւ, որ ուրախ է, որ չորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք կրկին կը գտնուի հայրենիքի մէջ:
Պատմելով իր ապագայի ծրագիրներուն մասին` ան ըսաւ, որ այժմ կը պատրաստուի նոյեմբերին տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Ան իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ ըսաւ, որ 2015-ին իր բոլոր մրցելոյթներն ու յաղթանակները պիտի նուիրէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին:
Հանդիպումին աւարտին նախարար Ղազարեան Սիւզի Քենթիքեանին յանձնեց նախարարութեան շնորհակալագիրը` Հայաստանի մէջ կռփամարտի զարգացման եւ այս մարզաձեւի տարածման գործին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

