Լոփպուրի Տաճարները` Կապիկներուն Թագաւորութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

0830_dadjar-1Լոփպուրի Թայլանտի պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր քաղաքներէն մէկն է: Իսկ ներկայիս միայն իր տաճարներուն պատճառով չէ, որ ան այդքան հռչակաւոր է. քաղաքը դարձած է նաեւ մաքոք կապիկներուն դրախտը:

Տաճարները

Թայլանտի մէջ նման վայրերու մեծ մասին պարագային, տաճարներու աւերակները կը գտնուին քաղաքներէն դուրս, անոնց յատուկ վայրերու մէջ: Լոփպուրի պարագային, հարցը տարբեր է. տաճարները կը գտնուին քաղաքին կեդրոնը: Այս ձեւով, երբ այցելուները կը պտտին, անոնք կրնան տաճարին դիմացը գտնուող ճաշարանի մը մէջ ճաշել, կամ շոգեկառքին սպասել սքանչելի կոթողի մը առջեւ կեցած: Լոփպուրի տաճարները եւ պալատները շինուած են 13-րդ դարուն, կան նաեւ բաժիններ, որոնք 10-րդ դարէն մնացած են: Այդ ժամանակաշրջանին Լոփպուրի մաս կը կազմէր Ասիոյ մէջ շատ հզօր Խմեր կայսրութեան:

0830_dadjar-30830_dadjar-2

 

Մաքոքները` Թագաւոր

Եթէ այն թագաւորները, որոնց համար Թայլանտի բազմաթիւ տաճարները եւ պալատները շինուած էին, շատոնց անհետացած են, եւ տարբեր տեսակի նոր թագաւորներ անոնց տեղը առած են. անոնք Լոփպուրի մաքոք կապիկներն են: Քաղաքին մէջ, յատկապէս այդ սքանչելի շինութիւններուն աւերակներուն շուրջ այդ փոքրիկ կապիկները կ՛իշխեն: Անոնք մեծ թիւով կ՛ապրին հոն եւ յաճախ այցելուներուն անակնկալի կը բերեն` անոնց ուսերուն վրայ ցատկելով… յատկապէս երբ այս վերջինները իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած են համեղ ուտելիք մը: Շատ խելացի եւ չարաճճի այս պզտիկ կապիկները ձեւով մը Լոփպուրի աստղերն են: Անոնք գրաւած են ո՛չ միայն հին տաճարները, այլ նաեւ` քաղաքին փողոցները: Հոն, առտուն քաղաքին բնակիչները յաճախ կը հանդիպին իրենց ինքնաշարժին տանիքին վրայ հանգչող մաքոքի մը: Նոյնիսկ եթէ անոնք յաճախ չարաճճիութիւններ կ՛ընեն, ոչ մէկը վնաս կը հասցնէ Լոփպուրի կապիկներուն: Անոնք օրհնուած են. կ՛ըսուի, թէ անոնք հինտու կրօնի մէջ ժամանակի աստծոյ` Քաալայի զաւակներն են:

Կապիկներուն Տօնը

0830_dadjar-4Ամէն տարի, նոյեմբեր ամսուն վերջին կիրակին, մեծ տօն մը կը կազմակերպուի Լոփպուրի կապիկներուն ի պատիւ: Զանոնք պատուելու համար ժողովուրդը հսկայական սեղաններ կը սարքէ` համեղ ուտելիքներով ծածկուած: Հաւկիթ, պիստակ, տեսակաւոր բանջարեղէններ. պզտիկ մաքոքներուն մեծ խրախճանքը կը սկսի զուարճացած բնակիչներուն աչքերուն առջեւ: Իսկ եթէ բոլոր այս համով ուտելիքները զանոնք կը ծարաւցնեն, յայտնենք, որ քանի մը տարիէ ի վեր անոնց կը հրամցուին նաեւ կազային զովացուցիչ խմիչքներ: Վստահաբար մաքոքները այս օրը անհամբեր կը սպասեն:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Մինչեւ 1800-ական թուականները մարդիկ կը կարծէին, թէ լոլիկը թունաւոր էր:
  • 0830_anhavadali-1Հարաւային Ամերիկայի էնքաները շինած են աւելի քան 32 հազար քմ երկարութեամբ ճամբաներ, Ք.Ե. 13-16-րդ դարերու միջեւ. սակայն անոնք ո՛չ անիւին ծանօթ էին, ո՛չ ալ ձիեր ունէին անոնց վրայէն քշելու համար:
  • 18-րդ դարուն Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս ցարը յատուկ տուրք նշանակած էր մօրուք ունեցող մարդոց համար:
  • Միջին դարերուն պնակներ գոյութիւն չունէին: Ուտելիքը կը դրուէր հին չորցած հացի կտորներու վրայ:
  • 0830_anhavadali-217-րդ դարուն Անգլիոյ Էլիզապէթ Ա. թագուհիին ակռաները ծերութեան օրերուն սեւցան:
  • Միջին դարերուն միայն հարուստ մարդիկը ճերմակ հաց կ՛ուտէին:
  • Աւելի քան հազար տարիներու ընթացքին Մոնկոլիոյ, Սերպիոյ եւ Չինաստանի կարգ մը ժողովուրդներ թէյը գործածած են իբրեւ դրամ:
  • Հին Հռոմի մէջ հարսանիքներու ընթացքին սովորութիւն էր, որ փեսան գարիով կարկանդակ մը ճզմէր հարսին գլխուն վրայ:
  • 1500-ական թուականներուն գծուած աշխարհահռչակ «Մոնա Լիզան» հռչակաւոր դարձաւ, երբ ան թանգարանէն գողցուեցաւ 400 տարիներ ետք, 1911 թուականին:
  • 2000 տարիներ առաջ աշխարհի վրայ կ՛ապրէր միայն 300 միլիոն մարդ: Թիւ մը, որ նուազ է, օրինակի համար, ներկայի Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան թիւէն:

 

Ամառնային Լուրեր

Աշխարհի ամէնէն մեծ ռոքի խումբը

0830_lourer-1Յունիս 14-ին աշխարհի նոր մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ: Ֆրանսայի Լորիան շրջանին Մուսթուար մարզադաշտին մէջ հաւաքուած էին չորսէն եօթանասունեօթը տարեկան աւելի քան հազար երաժիշտներ` կազմելու համար աշխարհի ամէնէն մեծ ռոքի խումբը: Անոնք ռոք երաժշտութեան մեծ նուագահանդէս մը տուին` ռոքի բազմաթիւ կտորներ նուագելով աւելի քան տասնչորս հազար հանդիսատեսներու առջեւ:

Ամուսնութեան իւրայատուկ առաջարկ մը

0830_lourer-2Ռոլան Կարոսի թենիսի 2014-ի մրցաշարքը անմոռանալի դարձաւ թենիս խաղացող Միքայէլա Քրազիչեքի համար: Ան մրցաշարքին ընթացքին ո՛չ միայն շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրեց, այլ տարուան ամէնէն իւրայատուկ ամուսնութեան առաջարկը ստացաւ: Իր մրցումներէն մէկուն աւարտէն անմիջապէս ետք ան տեսաւ իր բարեկամը` թենիս խաղացող Մարթին Էմըրիքը, որ դաշտ կը մտնէր. այս վերջինը ամբողջ ժողովուրդին առջեւ ծունկի եկաւ իր ամուսնութեան առաջարկը արտասանելու համար… եւ Միքայէլա «այո» ըսաւ:

Նուաճող կապիկները

Երբեմն, կարծէք, գիրքերու պատմութիւնները իրականութւն կը դառնան…

Հնդկաստանի մէջ քաղաք մը «կապիկներու մոլորակի» վերածուեցաւ, երբ մօտակայ անտառէ մը եկած հազարաւոր պզտիկ կապիկներ նուաճեցին քաղաքը` ուտելիք փնտռելով: Կապիկները ժողովուրդին ստիպելով իրենց տուները բանտարկուած մնալ` քաղաքին տիրեցին: Սոված անասունները փորձեցին ուտելիք գողնալ եւ արգելք եղան ինքնաշարժներուն շրջելու:

Կլոր գնդակի «սուփըր սոնիքը»

0830_lourer-3Յունիս 15-ին հոլանտացի ֆութպոլ խաղացող Արժեն Ռոպըն դարձած է աշխարհի եւ ամբողջ պատմութեան ամէնէն արագ մարզիկը: 2014 Աշխարհի ախոյեանութեան Հոլանտա-Սպանիա մրցումին անոր արագութիւնը հասած է ժամական 37 քմ-ի:

593482582001_3601888746001_video-still-for-video-36019119450011-635x357Յունուար 17-ին քանատացի զոյգ մը լոթոյէն շահած է յիսուն միլիոն տոլար: Դժբախտաբար կինը քանի մը օր ետք կը կորսնցնէ շահող տոմսը, զոր դրած էր իր ձեռքի պայուսակին մէջ: Հինգ ամիս ետք, վերջապէս, զոյգը կը յաջողի ձեռք ձգել իր շահած գումարը, երբ արժէքաւոր տոմսը կը գտնուի եւ իրենց կը վերադարձուի անցորդի մը կողմէ:

 

Ժամանց

 

Քանի՞ ձուկ կը լողայ ջուրին մէջ:

Քանի՞ ձուկ կը լողայ ջուրին մէջ:

Կէտերը իրարու միացուր 1-109` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կէտերը իրարու միացուր 1-109` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )