Երգիչ Մը Անցաւ Մեր Հորիզոնէն…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ամերիկահայ թերթի մը վերջին թիւին մէջ կարդացի հետեւեալ ցաւակցագիրը. «ՅԱՐՕ ԲՈՒՐԵԱՆԻ մահուան տխուր առիթով (Լոնտոն) մեր թերթը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին համայն հարազատներուն եւ պարագաներուն, յատկապէս կնոջ` Վարդուկ Բուրեանին եւ զաւակներուն` Շանթ եւ Ալեքս Բուրեաններուն եւ քրոջ` Արփի Հօբուրեանին»:
Յարօ Բուրեա՜ն…
Թերեւս 30 տարիէ լրիւ մոռցեր էի այս անունը: 30 տարիէ ո՛չ մէկ երգ լսեր էի այս երբեմնի յայտնի երգիչին բերնէն, ո՛չ իսկ պահեր էի իր հին ձայներիզներէն մին…
Հիմա, այս երկու տողնոց ցաւակցագիրը բաներ մը խլրտացուց իմ սրտիս մէջ, յիշատակներ արթնցուց, զիս ետ տարաւ մինչեւ 70-ական թուականներ:
Արդարեւ, պատանիներ էինք, հազիւ 10-12 տարեկան դպրոցական տղաք, երբ մեծ հաճոյքով ականջ կու տայինք այդ շրջանի հայ երգիչներուն, կը գնէինք ու իրարու վրայ կը դիզէինք անոնց կողմէ հրապարակ հանուած նոր ձայներիզները:
Օ՜, որքան շատ էին հայ երգիչները` Լեւոն Գաթրճեան, Ճորճ Թիւթիւնճեան, Ատիս Հարմանտեան, Արա Քէքէճեան, Մինաս Փալանճեան, Մարտօ, Մանուէլ, Մաքսիմ, Փոլ, Յարութ Փամպուքճեան, Ժոզեֆ Գրիգորեան, Սեդրակ Օվիկեան, Մարթեն Եորկանց, Գառնիկ Սարգիսեան, Կարօ Կապուտակեան, Վիգէն Դարբինեան, Վաչէ Մկրտիչեան… ամէն մէկը` երգելու ու մեկնաբանելու իւրայատուկ ոճով մը, առանձին երգացանկով մը, երաժշտասէր համակիրներու շրջանակով մը: Եւ ասոնց մէջ` Յարօ Բուրեանը (բուն անունով` Յարութիւն Հօբուրեան), այդ շրջանի սիրային կամ էսդրատային երգերու ամէնէն աշխուժ մեկնաբաններէն մին:
Այսօր կ՛անդրադառնամ, թէ երգի ու երաժշտութեան ճամբով ի՜նչ եզակի մթնոլորտ մը ստեղծեր էին այս երգիչները մեր կեանքին մէջ, ջրդեղեր էին մեր հայկական զգացումները, զօրացուցեր էին մեր ինքնութիւնը, թերեւս առանց որ մենք գիտակցութիւնը ունենանք ատոր: Մեր սեփական ինքնաշարժներուն մէջ բացառաբար հայերէն ձայներիզներ կ՛ունկնդրէինք, հարսանեկան խրախճանքներու ընթացքին տիրապետող էր հայ երգը, մասնաւորաբար Պէյրութի ու Հալէպի բացօթեայ զբօսավայրերուն ու հանրային ժամադրավայրերուն մէջ շարունակ ու տեւաբար կը հնչէր հայ երգը: Ասիկա առանձին «մշակոյթ» մըն էր ու ԵՐԵՒՈՅԹ մը: Եւ այդ «մշակոյթ»-ին հերոսները վերոյիշեալ երգիչներն էին, որոնք քանի մը տասնամեակ (60-ական թուականներէն սկսեալ) խանդով լեցուցին մեր առօրեան ու յետոյ մի առ մի անցան-գացին հորիզոնին ետեւ…
Բարեբախտութիւն է, որ այդ անմոռանալի երեւոյթին «պատմութիւն»-ը գրի առնուեցաւ, լուսարձակ բացուեցաւ ատոր վրայ:
Արդարեւ, նախկին լիբանանահայ կիթառահար-երաժիշտ մը` Պօղոս Շահմելիքեան (մէկը` վերի անուններուն անմիջական գործակիցներէն), շուրջ երկու տարի առաջ հրատարակեց «Յիշատակներ, անցած օրեր…» խորագրեալ յուշագրական պատկերազարդ հատոր մը եւ հոն սքանչելիօրէն նկարագրեց այն հայատրոփ մթնոլորտը, զոր հայ երգիչները, երգահաններն ու նուագախումբերը յաջողեցան ստեղծել Լիբանանի մէջ ու յետոյ ալ անոր սահմաններէն անդին… Ան իր գիրքով մոռացութեան վտանգէն փրկեց հանրածանօթ կամ նուազ ծանօթ մեր երգիչներուն եւ երաժիշտներուն անունները, արժեւորեց անոնց գործն ու վաստակը, պատկերագծեց անոնց ստեղծած աշխարհը:
Պ. Շահմելիքեանի կողմէ լուսարձակի տակ առնուած այդ նոյն տարիներուն մեր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն թափ տուող ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն ալ կար. Պէյրութ տպուող «ՇԻՐԱԿ» երգարաններու շարքը: Հաննէսեան եղբայրները (Յովհաննէս եւ Կարապետ) 1953-էն սկսեալ երկա՜ր տարիներ բծախնդրօրէն հրատարակեցին այդ արժէքաւոր երգարանները (30-է աւելի թիւեր)` հոն ժողվելով հին ու նոր անհամար եւ այլաբնոյթ երգեր` իրենց բնագիրներով ու նոթաշարերով:
«Շիրակ»-ի այդ գունագեղ ու ձայնագրեալ հատորներուն մէջ հրատարակիչները կը տեղադրէին նաեւ շրջանի հայ երգիչ-երգչուհիներու լուսանկարներն ու կենսագրական տուեալները, գաղութներու մէջ գործող երգչախումբերու մասին տուեալներ, հայրենի երաժիշտներու կամ աշուղներու վերաբերեալ հարուստ նիւթեր, կ՛արձագանգէին երաժշտական ձեռնարկներու:
Այսօր, տարիներ անց, անգամ մը եւս պէտք է շեշտել այն եզակի դերը, զոր խաղացին «Շիրակ» երգարանները` հայ երգի ժողովրդականացման ու շուրթէ շուրթ տարածման գործին մէջ: Հայապահպանութեան ազդո՛ւօրէն սատարող երկարաշունչ աշխատանք էր Հաննէսեաններուն այդ նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անիկա եթէ մէկ կողմէ կը խթանէր հայերէն երգերու սփռումը, միւս կողմէ ալ կը սանձէր ու նահանջի կը մատնէր մեր յարկերէն ներս տուն-տեղ եղած թրքերէնը…
Սա պահուն, նորոգ հանգուցեալ Յարօ Բուրեանի կենսագրութեան մասին ո՛չ մէկ տուալ ունիմ ի ձեռին: Ու կ՛ենթադրեմ, որ «Շիրակ» երգարանի հին թիւերուն պէտք է վերադառնալ` պահ մը վերակենդանացնելու համար Յարօ Բուրեանին մոռցուած երգերն ու մոռցուած դիմագիծը:
Հալէպ

