«Ես Պատմում Եմ Այն Մասին, Ինչ Տեսել Եմ, Զգացել Եմ, Ապրել Եմ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Թեւանիկ»-Ի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ Ն. Բ.

0717jivanԱրցախեան ազատամարտին ընթացքին հարիւրաւոր պատմութիւններ տեղի ունեցած են, հազարաւոր դէպքեր պատահած են, սակայն այդ բոլորին մասին տակաւին չէ գրուած կամ անոնք տարբեր ձեւերով հանրութեան սեփականութիւնը չեն դարձած:

Երեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սիթի մոլ»-ի մէջ պիտի ցուցադրուի այդ բազմաթիւ պատմութիւններէն մէկը ներկայացնող «Թեւանիկ» ժապաւէնը` ներկայութեան անոր բեմադրիչին` Ջիւան Աւետիսեանի:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպած այս նախաձեռնութիւնը կը կրէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ Արցախի անկախութեան հռչակման 23-ամեակին առիթով:

0hkDau5ciUDJkpArc07ivvwYegԱյս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ «Թեւանիկ»-ի ընդմէջէն ինք կը միտի հանդիսատեսին փոխանցել այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմին ընթացքին, դժուարութիւններ, պահեր, կացութիւններ, որոնց ոչ թէ լսողաց եղած է, այլ ականատես:

«Թեւանիկ»-ի հերոսները երեք պատանիներ են, որոնք կը յայտնուին պատերազմական իրադարձութիւններու կիզակէտին: Նոյնիսկ եթէ պատերազմական գործողութիւններուն մասնակից չես, անոնց հետեւանքներն ու անդրադարձները կրողն ես, անոնց դաժան դրոշմը կը զգաս, կը հաստատէ բեմադրիչը:

Ստորեւ` հարցազրոյցը.

«ԱԶԴԱԿ».- «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին ձեր բեմադրած «Թեւանիկ» ժապաւէնը արժանացաւ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակին: Խնդրեմ` նախ անդրադառնանք ժապաւէնի ծննդոցին, ուրկէ՞ ծագեցաւ նման ժապաւէնի մը պատրաստութեան գաղափարը, բեմագրութիւնը ո՞վ պատրաստած է, նիւթը ի՞նչ է:

ՋԻՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ.- Ժապաւէնը նկարահանուել է Առնոլտ Աղապապովի «Թեւանիկ» բեմագրութեան հիման վրայ: Ժապաւէնի նկարահանման գաղափարն ինձ տուել է իմ ուսուցիչը` Լեւոն Աթոյեանը, ով իր ընկերոջ եւ տաղանդաւոր բեմագիր Աղապապովի մահից յետոյ շատ էր ցանկանում, որ այդ պատմութիւնը նկարահանուի: Բայց Աղապապովի բեմագրութեան հիման վրայ կարելի էր նկարահանել միայն կարճամեթրաժ շարժանկար, իսկ իմ նպատակը «Ընդհատուած մանկութիւն» կարճամեթրաժ ժապաւէնից յետոյ լիամեթրաժ ժապաւէն նկարահանելն էր: Աշխատեցինք Կարինէ Խոդիկեանի հետ եւ արդիւնքում ունեցանք երեք մասերից` «Արամ», «Աստղիկ», «Թեւանիկ» բաղկացած լիամեթրաժ ժապաւէն: Ժապաւէնը արցախեան փոքրիկ գիւղում ապրող երեք պատանիների կեանքի մէկ օրուայ տրամաթիք պատմութիւնն է նոր սկսուող պատերազմի ժամանակ:

1150245_543708419015954_1886270518_n«Ա.».- Խօսինք բեմագրութեան ժապաւէնի վերածման ուղիին մասին, որքա՞ն տեւեցին աշխատանքները, ո՞ւր տեղի ունեցան նկարահանումները, եւ եթէ  կայ յատկանշական դրուագ մը կամ իւրայատուկ դէպք մը, որ տեղի ունեցաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին, եւ` որուն մասին կ՛ուզէք խօսիլ:

Ջ. Ա.- Աշխատանքները տեւել են մօտաւորապէս մէկ տարի եւ ութ ամիս: Նախապատրաստական փուլն ինձ մօտ երկար է տեւում, փոխարէնը` դա օգնում է, որ նկարահանումների փուլը եւ հետեւաբար ֆինանսական ծախսերը կրճատուեն: Նկարահանումները կատարուել են Արցախի Բադարա եւ Խաչէն գիւղերում, 2013 թուականի յուլիսի 27-ից օգոստոսի 14-ը,  տասնինը օր:

«Ա.».- Դուք ապրած էք արցախեան պատերազմը, այս բոլորը ոչ թէ պատմած են ձեզի, այլ դուք ապրած էք: Այս հանգամանքը ի՞նչ առաւելութիւն ունի բեմադրիչի մը եւ անոր գործին յաջողութեան համար:

Ջ. Ա.- Մե՛ծ կարեւորութիւն: Ընդհանրապէս պատկերի, խօսքի հաւաստիութիւնը, իրադրութեան պատճառաբանուածութիւնը ինձ համար մեծ կարեւորութիւն ունեն: Մասնագէտներն էլ են ասում, որ ժապաւէնի պատկերները հիւթեղ են, ժամանակաշրջանի կենցաղը եւ մարդիկ վերարտադրուած են հաւաստի: Այդ ամէնը, այո՛, ինձ չեն պատմել, ես դա ապրել եմ: Ես յիշում եմ, թէ մայրս ինչպէ՛ս էր սպասում եղբօրս ու հօրս դիրքերից տուն գալուն… միայն այդ մասին տասնեակ ժապաւէններ կարելի է նկարահանել: Փոքր էինք, բայց ամբողջ օրը զինուորական կրկնակօշիկներով էինք, կօշիկներ չկային: Դժուար էր յատկապէս ձմեռը: Հիմա տեղի անտեղի ձմեռային լաւ կօշիկներ եմ առնում, եղանակներին էլ չեմ հետեւում, յաճախ եմ հագնում, նոյնիսկ` ամրանը…

«Ա.».- «Թեւանիկ»-ը հայկական շարժապատկերի սահմանները անցնելով` հասաւ Քաննի փառատօնին: Միջազգային մակարդակի վրայ ի՞նչ հետաքրքրութիւն յառաջացուց անիկա, եւ արդեօք նման ժապաւէններու մասնակցութիւնն ու ցուցադրութիւնը միջազգային բեմերու վրայ արցախեան տագնապի ծանօթացման կը ծառայէ՞:

0507tevanigՋ. Ա.- Քաննի շարժապատկերի փառատօնի շուկայում մենք միջին չափերի դահլիճ էինք վարձել, 43 տեղանոց, իսկ մասնագէտները` արտադրիչներ, համաշխարհային շարժապատկերի փառատօների   ներկայացուցիչներ, ովքեր ցանկանում էին ժապաւէնը դիտել, աւելին էին: Դահլիճում տեղ չգտնելու պատճառով շատերը չկարողացան ժապաւէնը դիտել: Միանգամայն ճիշդ էք. նման միջազգային շարժապատկերի փառատօներում հաւաքւում են մտաւորական եւ ստեղծագործ մարդիկ, ովքեր զգացական-գաղափարական ազդեցութիւն ունեն հսկայական թուով մարդկանց վրայ: Նման տեղերում լինելը, մեր հարցերն այնտեղ ներկայացնելը չափազանց կարեւոր է: Բայց մի՛ զարմացէք, եթէ ասեմ, որ նման արուեստի գործերն առաջին հերթին մեզ` մեր ժողովրդին են պէտք:

1233359_543646272355502_1359104630_n«Ա.».- Գիտենք, որ Քաննի շարժապատկերի փառատօնին «Թեւանիկ»-ի ցուցադրութիւնը ազրպէյճանական զայրոյթին արժանացաւ, եւ ազրպէյճանական թերթերու մէջ լոյս տեսան յօդուածներ, որոնք ժապաւէնը նկատեցին իրականութիւնը խեղաթիւրող: Խնդրեմ` խօսինք այս մասին:

Ջ. Ա.- Այո՛, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նոյնիսկ բողոքի գիր յղեց Լիթվայի կառավարութեանը: Գիտէք, որ «Թեւանիկ»-ը հայ-լիթվական համատեղ արտադրութիւն է եւ ազրպէյճանական կառավարութիւնը դժգոհ էր, որ լիթվական «Արթտոքս» շարժապատկերի ընկերութիւնը Արցախի մասին գեղարուեստական ժապաւէնի ստեղծման գործում համագործակցում է մեզ հետ:

«Ա.».- «Թեւանիկ»-ի  Լիբանանի մէջ ցուցադրութեան առիթով ի՞նչ խօսք ունիք լիբանանահայութեան:

Ջ. Ա.- Ինձ համար մեծ ուրախութիւն է Լիբանանում «Թեւանիկ»-ի ցուցադրութիւնը: Միայն մէկ ցանկութիւն ունեմ, որ մարդիկ գնան եւ դիտեն ժապաւէնը:

Rfa6PTiziSLBbFG7ojdhb539Eb«Ա.».- Ձեր նախորդ ժապաւէնը եւս` «Ընդհատուած մանկութիւնը»-ը, կը վերաբերէր արցախեան պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն: Արդեօք ձեւով մը արցախեան պատերազմն ու հակամարտութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու անուղղակի առաքելութի՞ւն ստանձնած էք:

Ջ. Ա.- Ես պատմում եմ այն մասին, ինչ տեսել եմ, զգացել եմ, ապրել եմ: Փորձում եմ պատմել անկեղծ, առանց հռետորաբանութեան, փորձում եմ ազնիւ լինել հանդիսատեսի հետ: Արցախեան պատերազմի մասին կարող են նկարահանուել հարիւրաւոր բարձրարժէք ժապաւէններ: Կարեւորը, որ այդ ժապաւէնները իսկապէս արուեստով արուեն:

«Ա.».- Ընդհանուր կերպով խօսինք ձեր ապագայի ծրագիրներուն մասին, արդէն իսկ աշխատանքի լծուա՞ծ էք:

Ջ. Ա.- Հիմա աշխատում ենք նոր նախագծի վրայ, կոչւում է «Վերջին բնակիչը»: Բեմագրութեան վրայ տարուող աշխատանքները աւարտական փուլում են: Փորձ ենք անելու ժապաւէնը ստեղծել շրջանային համագործակցութեան արդիւնքում, ինչը շատ ներդաշնակ կը լինի ժապաւէնի բեմագրութեան հետ: Դերասանական կազմի առումով, դա արդէն յաջողուել է, ժապաւէնում խաղալու են հարեւան երկրներից յայտնի դերասաններ:

Share this Article
CATEGORIES