«40 Տարուան Աշխատանքին Դիմաց Ուրախութիւնս Եւ Գոհունակութիւնս Է Տեսնել Կազմաւորուած Մարդը, Որ Միաժամանակ Լաւ Հայ Է» Կ՛ըսէ Մասթըր Կարօ Քեպապճեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
1979 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրուան կաթողիկոս Գարեգին Ա. վեհափառը ընդունելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեանը եւ անոր պատուոյ յուշատախտակ յանձնելով` կը հաստատէ. «Այս միութիւնը եւ այս շարժումը մարդ էակի պատրաստութեան ընթացքին մէջ կարեւոր ճամբայ մըն է: Դուք առաքելութիւն մը կը հետապնդէք, ինքնանպատակ, ինքնագոհ եւ ինքնաբաւ կազմակերպութիւն մը չէք: Դուք ձեզի համար չկաք, այլ գոյութիւն ունիք ձեր մէջէն, ձեզմով, հայութեան համար: Ես յատուկ կերպով կը գնահատեմ մասթըր Կարօ Քեպապճեանը եւ իր մատուցած ասպետական ոգիի ծառայութիւնը»:
Միութիւնը 2 սեպտեմբերին Շուշիի մէջ պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Այս առիթով հարցազրոյց մը կատարեցինք Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քոնկ ֆու-ուու շուի հիմնադիր եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 1990-էն ի վեր ներկայացուցիչ մասթըր Կարօ Քեպապճեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը (ՀՍԳՄ), որ հիմնադրուած է ձեր կողմէ եւ ձեր ջանքերով 1974 թուականին, արդէն պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Այս միութեան շնորհիւ է, որ Լիբանանի մէջ քոնկ ֆուն տարածուեցաւ: Խօսինք միութեան մասին:
ԿԱՐՕ ՔԵՊԱՊՃԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ թէեւ 40 տարուան մասին կը խօսինք, սակայն ասիկա պէտք չէ ծերութիւն յուշէ, որովհետեւ մարդը կամ որեւէ կառոյց երբեք չի ծերանար, այնքան ատեն որ կը պայքարի: Այն օրը, որ յուսահատինք, պայքարելէ հրաժարինք, այդ օրը կը ծերանանք: Ես իբրեւ չինական, հնդկական, պուտտայական եւ քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնները իմ կեանքիս լաւ ու վատ, յաղթանակի ու պարտութեան օրերուն ուղեկից ունեցած անձ` կրցած եմ պայքարիլ եւ գոյատեւել: Այսօր հայ եւ օտար շուրջ 50 հազար հետեւորդ ունինք աշխարհի տարածքին, մարդիկ, որոնք հաւատացած են միութեան առաքելութեան եւ անցած են անոր յարկին տակէն: Այսօր հպարտութեամբ կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ ըլլալով, Պուրճ Համուտի մէջ ծնած, միջակ դասակարգի ընտանիքի զաւակ, կրցայ հայութեան անունը համաշխարհային մարտարուեստի պատմութեան մէջ ոսկեայ գիրերով գրել, ես եւ իմ աշակերտներս, իմ հերոսներս, ախոյեաններս կրցանք Հայաստանի ու հայութեան անունը բարձր պահել միջազգային մակարդակի վրայ եւ յաջողութիւններ արձանագրել:
Հ.- Խօսինք Լիբանանի մէջ ՀՍԳՄ-ի ստեղծման մասին:
Կ. Ք.- Միջազգային Հայ սեւ գօտիներու միութեան ունեցած արտօնագիրը իր տեսակին մէջ միակն է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Կան անձնական անուններով քոնկ ֆուի ակումբներ, բայց իբրեւ ակադեմիա` մենք միակն ենք, որովհետեւ ասկէ 10 տարի առաջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար Չինաստան գացի եւ համաձայնագիրներ կնքեցի համաշխարհային ճանաչում ունեցող Շաօ Լին ակադեմիային եւ Պէյճինկի համալսարանին հետ, որպէսզի լիբանանցի աշակերտները, մեծամասնութիւնը հայ, կարենան այս բնագաւառին մէջ մասնագիտանալ: Այս ծիրին մէջ չորս չինացի մարզիչներ հրաւիրեցինք ՀՍԳՄ, եւ անոնք հիմը դրին Լիբանանի մէջ քոնկ ֆուի մարտարուեստին: Այսօրուան Լիբանանի քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի մարզիչները տարիներ առաջ կու գային Պուրճ Համուտ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակադեմիա, ձրիօրէն կը մարզուէին եւ կը սորվէին քոնկ ֆուի-ուու շուի նոր թեքնիքները: Այս բոլորը եղան ՀՍԳՄ-ի միջոցով. Լիբանանի մէջ մենք այս մարզին ամէնէն բարձր մակարդակի ուսումը տուինք, կազմաւորեցինք սերունդներ, ախոյեանութիւններ նուաճեցինք եւ յաղթանակներ արձանագրեցինք: Սակայն մետալները մեզի համար գինովցնող չեն, որովհետեւ կարեւորը այն է, որ այս մարտարուեստը ի՛նչ կու տայ մարդու հոգիին, ի՛նչ ներդրում կ՛ունենայ իր կեանքին մէջ: Երբ միութեան հիմը դրի, սկզբունքս եղաւ առողջ մարմնով, արթուն մտքով եւ ազնիւ հոգիով հայ անհատներ կազմաւորել, այդպէս գործեցի եւ կը գործեմ նաեւ այսօր:
Կ՛ուզեմ հոս յիշել, որ այս բոլոր յաջողութիւններս կը պարտիմ հօրս` Կայծակ Քեպապճեանին, որ երբ լսեց, թէ 70-ական թուականներու գաղտնի կերպով քալելով մինչեւ Ռաուշէ կ՛երթայի ճափոնցի մարզիչի մը հետ մարզուելու, կանչեց զիս եւ ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է ծախսս ալ տալու, արտօնութիւն ալ տալու, որ շարունակեմ, սակայն պայմանաւ որ բոլոր սորվածս ծառայեցնեմ ազգիս, հայրենիքիս եւ Դաշնակցութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրեն, Աստուած լուսաւորէ հոգին, հայրս եղաւ իմ առաջին հովանաւորս:
Հ.- Ներկայիս ի՞նչ պատկեր կը պարզէ Լիբանանի քոնկ ֆուն եւ ուու-շուն:
Կ. Ք.- Ասկէ 10-12 տարի առաջ հիմնադրուեցաւ Քոնկ ֆուի միջազգային ֆետերասիոնը. Լիբանանը այսօր եւրոպական ֆետերասիոնին արձանագրուած է: Մենք` Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակադեմիային մէջ կը մարզենք մեր աշակերտները` մասնակցելու լիբանանեան, միջինարեւելեան, եւրոպական եւ ասիական մրցումներուն: Ուրախութեամբ ըսեմ, որ մեր փոքրերէն Վաչէ Նիկողոսեանը Ասիոյ մէջ կրցաւ արծաթէ մետալի տիրանալ եւ երկրորդ հանդիսանալ:
Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ակադեմիան իր չինացի եւ հայ մասնագէտներուն միջոցով արաբական աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու քոնկ ֆուի ֆետերասիոններու կազմութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ:
Հ.- Միութիւնը ժամանակի ընթացքին մասնաճիւղեր կը հիմնէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ` Յունաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա եւ Քանատա` միութեան աշակերտները տարածելով երկրէ երկիր: Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայահոծ գաղութներուն մէջ կեդրոններ հիմնելէ ետք հասաք մինչեւ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Խօսինք այս վաստակին մասին, 40 տարուան աշխատանքին մէջ ի՞նչն է մեծագոյն նուաճումը ձեզի համար:
Կ. Ք.- Մեծագոյն նուաճումներէն կը նկատեմ այն, որ այսօր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք ունինք սերունդ մը, որ արդէն 15-20 տարիէ միութեան յարկին տակ մարզուեցաւ եւ այսօր բանակին մէջ սպաներ են, մեր սահմաններուն վրայ են, Հայաստանի եւ Արցախի պետութեան կը ծառայեն: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ սփիւռքի մեր տղաքը, զորս կը մարզէի, եւ որոնք ծառայեցին լիբանանահայութեան, պահակութիւն ըրին, հասան հոն, ուր իրենց կարիքը կար` օժտուած անհրաժեշտ մարտունակութեամբ եւ ինքնապաշտպանութեամբ: Կայ նաեւ հոգեկան բաժինը, որուն ընդմէջէն ՀՍԳՄ-ի մաս կազմող երիտասարդները դարձուց աւելի ինքնավստահ, աւելի լաւ կազմաւորուած մարդ:
Իմ ուրախութիւնս կը տեսնեմ մարդու կազմութեան մէջ: Ես կ՛ուզեմ մարզել այն հայը, որ մարդ է միաժամանակ:
Միութեան պատմականին անդրադառնալով` ըսեմ, որ երբ 1974-ին, երբ ախոյեան դարձայ, սկսայ մեր հայահոծ շրջաններուն մէջ, Հայաշէնէն սկսեալ, պատանիներ եւ երիտասարդներ մարզել: 1976-ին գացի Յունաստան, Միջազգային սեւ գօտիներու միութեան կեդրոնը ինծի յանձնեցին, այդ օրէն արդէն յոյներու կողքին միութիւնը սկսայ ծառայեցնել նաեւ մեր հայ տղոց: Յունաստանի մէջ հայ տղաքը համախմբելու աշխատանքը ըրինք, ապա եկայ Լիբանան, հոս կորիզ ստեղծեցինք, «Գերմանիկ» ակումբին մէջ սկսայ մարզիչներ պատրաստելու աշխատանքին, որպէսզի անոնք իմ կողքին ըլլային եւ այս գործունէութիւնը միասնաբար շարունակէինք: Հոսկէ տարբեր գաղութներ գացող տղաքը հիմը դրին միութեան այլ մասնաճիւղերու` տարբեր երկիրներու մէջ:
Այս բոլորը շատ կարեւոր են, սակայն կարեւորագոյնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող մասնաճիւղերն են, որովհետեւ հոն մեր հայրենիքն է, մեր օգնութեան, պատրաստուած սերունդներու կարիք ունի, մեր վերջնական հանգրուանը հոն է: Բարեբախտաբար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նետուած սերմերը շատ արդիւնաւէտ էին, բերքը շատ հարուստ եղաւ, եւ մինչեւ օրս աշխատանքները շատ լաւ կերպով կը շարունակուին:
Հ.- 25-30 յուլիսին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցաւ քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութիւնը եւ 37 երկիրներէ աւելի քան 3 հազար մասնակիցներու շարքին Հայ սեւ գօտիներու միութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը տիրացաւ քոնկ ֆու-ուու շուի աշխարհի ախոյեանութեան` պարտութեան մատնելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մարզիկները: Խօսինք այս մասին:
Կ. Ք.- Աշխարհի քոնկ ֆուի 3-րդ ախոյեանութիւնն է ասիկա: Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն երեքական մարզիկներ գացին, ինչպէս նաեւ` երկու մարզիչներ: Անոնք գացին Հայաստանի անունով, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ: Հետաքրքրական է, որ հայաստանցին յաղթեց չինացիին, իսկ ղարաբաղցիին դիմացը յայտնուեցաւ ազրպէյճանցի մարզիկը, որ 37 տարեկան էր, մինչ ղարաբաղցի մեր մարզիկը 19 տարեկան էր: Ըսեմ, որ ասիկա առաջին անգամ չէ, որ մենք ազերիներուն կը յաղթենք նման մրցումներու: Մրցումէն առաջ, երբ խօսեցայ մեր մարզիկին հետ, խնդրեցի, որ ան մէկ հարուածով գետին տապալէ ազերին, որովհետեւ այդ հանգրուանին էր, որ սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձեր կը կատարէր, զինադադարը կը խախտէր: Ըսի ղարաբաղցի մարզիկին, որ տակաւին մեր տղոց արիւնը տաք է, ուրեմն դուն պէտք է տապալես ազերին. ան խոստացաւ եւ այդպէս ալ եղաւ, մէկ հարուածով ազերի ախոյեանը գետին ինկաւ, ճիշդ այդ պահուն հայ մարզիկները հարթակին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշակը պարզեցին` գրաւելով բոլորին ուշադրութիւնը: Ազերին դաւադիր է, մեր հայ սպան կացինահարեց, մինչ ան քնացած էր, սակայն մենք մեր յաղթանակը կերտեցինք, երբ աշխարհին բոլոր քամերաները մեր վրայ կեդրոնացած էին, հպարտօրէն եւ բացայայտ կերպով յաղթանակ կերտեցինք:
Այսպիսով, մենք ունեցանք երկու ոսկի մետալ եւ մէկ արծաթ, ինչ որ, կը կարծեմ, պատուաբեր արդիւնք է:
Հ.- Սեպտեմբերի առաջին օրերուն Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը իր 40-ամեակը պիտի նշէ Շուշիի մէջ. խօսինք այս մասին:
Կ. Ք.- Նկատի ունենալով, որ ախոյեաններ ունենալը նաեւ զուգադիպեցաւ միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակին, որոշեցի, պետական այրերու հետ համագործակցաբար, մեր 40-ամեակը տօնել Շուշիի մէջ: 2 սեպտեմբերին Հայ սեւ գօտիներու միութեան ընդհանուր ժողովը եւս հոն պիտի գումարուի, աշխարհի տարբեր շրջաններէն միութենականներ, մարզիչներ, պատասխանատուներ պիտի համախմբուին, եւ լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ, որ մեծ շուքով նշուի միութեան ամեակը: Նաեւ այս ժողովին մենք պիտի ծրագրենք, որ յառաջիկային ինչպէս կրնանք ընդարձակել մեր աշխատանքներու ծիրը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Ուրեմն առիթը օգտագործելով` կ՛ուզեմ հրաւիրել բոլոր հայորդիները, որ «Շուշի կրանտ հոթել»-ի մէջ մասնակից ըլլան Հայ սեւ գօտիներու միութեան 40-ամեակի նշման:
Հ.- Ի՞նչ էր ձեր վերջին խօսքը:
Կ. Ք.- Ես շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներուն, Դաշնակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ՀՄԸՄ-ին: Այս տարողութեամբ աշխատանք չէի կրնար տանիլ, եթէ անոնք իմ կողքիս չըլլային: Միութեան յաղթութիւնը հայութեան կը պատկանի:
Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան
Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Պատուիրակութիւնը
Տիրացաւ Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Աշխարհի Ախոյեանութեան





