Հաստատուն Հաւատքի Շարժուն Եկեղեցին

ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

0820mousalerՀայոց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք անշարժ եւ ապառաժեայ ժայռերուն մէջ շինուած եկեղեցիներու: Վանականներու գրութիւնները եւ շարականները միշտ ու միշտ կը շեշտեն անոնց անշարժ մնալու կարեւորութիւնը: Սակայն մեր պատմութեան մէջ դժբախտաբար կան իրականութիւններ, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցիներ թափուր մնալով, անոր զաւակները հոս ու հոն պարտադրաբար կը տեղափոխեն եկեղեցին: Օրինակ, Անթիլիասի մայր տաճարը ունի շատ հետաքրքրական պատմութիւն, թէ ինչպէ՛ս Սիսէն, Հռոմկալէն, Հալէպէն ետք, ի վերջոյ կը հաստատուի Անթիլիաս, Լիբանան: Այս յօդուածով ձեզի կը պատմեմ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան շարժուն եկեղեցւոյ պատմութիւնը:

Ձեր բոլորիդ ծանօթ է Մուսա Լերան տեղահանութեան պատմութիւնը, թէ ինչպէս 1915-ին լեռ բարձրացած ժողովուրդը կռիւի ընթացքին «եկեղեցի» կազմած է եւ պատարագ մատուցած է: Երբ ֆրանսացիները ազատագրած են ժողովուրդը ու հաստատած` Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքը, հոն նաեւ այս անգամ վրանի մը տակ դարձեալ կազմած է իր եկեղեցին: 1939-ին, երբ ժողովուրդը դարձեալ կը տեղահանուի ու կը հասնի Այնճար, դարձեալ եկեղեցի կը կազմէ` նախ վրանի մը տակը, ապա` սրահի մը մէջ: Ներկայիս ունի հոյակապ կառուցուածքով շինուած Սուրբ Պօղոս եկեղեցին: Այս եկեղեցւոյ շուրջն է Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողը, ուր նաեւ կը հանգչին մեր նահատակներու աճիւնները: 1946-ին, ներգաղթի օրերուն, ժողովուրդին շուրջ կէսը կը ներգաղթէ Հայաստան: Հոն նաեւ ի վերջոյ կը կազմակերպուի եւ Մուսա Լեռ աւանին մէջ ամէն տարի կը յիշատակուի հերոսամարտի տարեդաձը: Լիբանանի պատերազմին պատճառով, 1975-էն սկսեալ, մեծ թիւով հայրենակիցներ հասան Ամերիկա եւ հաստատուելով տարբեր քաղաքներու մէջ` շարունակեցին իրենց ուխտը: Հոս կ՛ուզեմ յիշատակել Մովսէս Ա. քհնյ. Շիրիքեանին անունը: Ան 1960-ական թուականներէն Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ սկսած է յիշատակելու Մուսա Լերան տօնը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի:

1984 թուականի գարնան Սան Ֆրանսիսքոյի խումբ մը հայրենակիցներ եկան Ֆրեզնօ եւ մեզի հետ միասին կազմակերպեցին առաջին տօնախմբութիւնը: Առաջին շարժուն եկեղեցին կազմեցինք «Յակոբեան» դաշտավայրին մէջ: Այս դաշտավայրը եղած է Ֆրեզնոյի հայութեան աշխուժ կեդրոնը` Սոֆիա Յակոբեանի օրերուն: Ներկայիս անիկա աւերակ է: Այդ դաշտավայրի պատասխանատուն էր 85-ամեայ ընկեր Տիրանեանը: Ինծի վստահած էին բանալիները: Շաբաթ գիշեր, երբ հարիսան կը պատրաստենք, եկած էր հսկողութեան… Կը խուսափէի իրմէ: Ի վերջոյ գտաւ զիս: Երկար խրատեց զիս, երբեմն` բարձր ձայնով: Երկուշաբթի առաւօտ, երբ իր տունը գացի` բանալիները յանձնելու, չէր խօսեր: Քիչ ետք պոռթկաց` ըսելով. «Ջուրի խողովակ մը կոտրած էք: Խստապահանջ էին հիները: Երնէկ անոնց»: Հանդարտեցաւ եւ յուզուած ձայնով պատմեց, թէ այդ վայրէն ովքե՜ր անցած են: «Այս տեղէն անցան վանեցիները, խարբերդցիները, մշեցիները, չաքմաքցիները եւ հիմա դո՛ւք ալ կ՛անցնիք»: Ինք ապրած էր այդ փորձառութիւնը, իսկ ես նոր կը սկսէի: Ճամբեց զիս, բայց նախ խոստացայ նորոգել ջուրի խողովակը: Առաջին տարիները աննախընթաց էին: Ոչխար կը մորթէինք… հայրենակցական խրախճանք կը կազմակերպէինք… աւա՜ղ, քանի մը տարիներ ետք այդ ախորժակը տկարացաւ: Տարի մը, շատ տաք կիրակի օր մը, ջերմաստիճանը հասաւ 110-ի: Սահակ քհնյ. Անտէքեան, ներկայիս` վախճանած, ուժասպառ, հազիւ կրցաւ պատարագը աւարտել:

1990-ի սկիզբները «եկեղեցին» փոխադրեցինք հայկական ծերանոց, ուր պայմանները աւելի նպաստաւոր էին: Գլխաւորաբար ելեկտրական հոսանքը աւելի ապահով էր: Եկեղեցւոյ պատարագի իրերը փոխ կ՛առնէինք Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիէն: Միշտ փորձած ենք գտնել մուսալեռցի քահանաներ: Արժանի է մանաւանդ յիշել Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանին եւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանին անունները, որովհետեւ անոնք, ի գին ամէն զոհողութեան, համբերութեամբ, մեր թափառական եկեղեցւոյ պատարագները կը մատուցէին եւ մատաղը կ՛օրհնէին: 1999-ին երրորդ վայր մը տեղափոխուեցանք: Այս անգամ` պետական դաշտավայր մը, որուն հսկայ տարածքին մէջ մե՛նք կորսուեցանք: Այստեղ ալ ձախող փորձ մը կատարեցինք: Հարիսան սկսանք եփելու կիրակի կանուխ առաւօտուն, սակայն պատարագի աւարտին պատրաստ հարիսա չկա՜ր ու չկա՛ր: Այդ ընթացքին, մէկ տարի մըն ալ ես յանձն առած էի գնումները: Սան Ֆրանսիսքօ բնակող հայրենակից մը յաճախ կ՛օգնէր մեզի: Ան յանձնեց ինծի խմիչքներու երկար ցանկ մը: Վարչականներն ալ շեշտեցին, թէ ճամբուս վրայ Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիէն վերցնեմ նաեւ պատարագի յատուկ իրեր: Գնումները ըրի, շատ ուշադիր եղայ գարեջուրի տեսակներու եւ քանակի ճշդութեան:

Վերադարձիս հանդիպեցայ եկեղեցի. ժամկոչը պատրաստ կը սպասէր: Բեռնատար ինքնաշարժիս մէչ ամէն ինչ կրցանք տեղաւորել, բացի Տիրամօր նկարէն: Շատ մեծ նկար էր. ստիպուած` զայն կապեցինք գարեջուրերուն վրայ: Խելքիս չպառկեցաւ, բաներ մը մրթմրթացի ու սկսայ քշելու: Հազիւ քանի մը մղոն գացած էի, ջղային վիճակ մը պայթեցաւ մէջս: Ես ինծի հետ կը վիճէի: Կանգնեցայ մայթի մը եզրին ու պարանները քակեցի եւ Տիրամօր նկարը փորձեցի ներսը տեղափոխել: Բայց անկարելի էր: «Ա՜խ,- ըսի,- վաղը ասիկա պիտի տեղաւորեմ եկեղեցիին մէջ»: Այդ չըլլալիք ամայի վայրին մէջ մեր շարժուն եկեղեցին գլխուս փլած էր: Թափառական ու որբ զգացի, չորս դիս ոչ մէկ հայ, ջղային վիճակի մը մէջ, նկարը դարձեալ կապեցի: Այս անգամ Տիրամօր դիմքը դէպի երկինք կը նայէր…

Միայն մօրս պատմեցի պատահածը, իսկ հիմա, տասնամեակներ ետք, ձեր ալ ներողամտութեան կը դիմեմ:

Քանի մը տարի այդ պետական դաշտավայրը մնացինք, բայց այնքա՛ն սուղ էր վայրը, որ սնանկութեան սահմանները հասանք: Թափառականը երբեմն կ՛ըլլայ նաեւ բախտաւոր: Գտանք նոր վայր մը, որ նման է Այնճարի ակին մօտ այն ծառաստանին, ուր ժամանակին կը տօնախմբուէինք: Նոր դաշտին անունն է «Շերիֆ փարք»: Մեր հաշուոյն, մեր շուրջպարերուն ընթացքին, կը պատահի, որ քանի մը փամփուշտ կրակեն «շերիֆ»-ները` մասնակից ըլլալով մեր քէֆին: Երկու տարի առաջ, երբ սրահին մէջ կազմած էինք եկեղեցին, կը սպասենք տէր հօր հրամանին, սարկաւագ մը ըսաւ ինծի, թէ վարագոյրները չեն գոցուիր: Ինչպէս կը կռահէք, լաւ ալ ժամկոչ մը չեմ: «Պատարագի սեղանը պատրաստ է», ըսի եւ անցայ: Պնդեցին, թէ վարագոյրը չի գոցուիր, դարձեալ փորձ մը ըրի սարքելու զայն, բայց այս անգամ բոլորովին քանդեցի անոր կազմուածքը: Անհանդարտ վիճակի մը մէջ յայտարարեցի, թէ ելք չկայ, առանց վարագոյրի պիտի կատարուի պատարագը: Պատարագիչ քահանան համբերող էր եւ խոհուն, հանդարտ ձայնով սկսաւ աղօթքը:

Տարի մը սարկաւագ մը վազեց` ըսելով, որ խունկի դգալը մոռցեր եմ.

– Հոգի՛դ սիրեմ,- ըսի,- ձեռքով լեցուր:

Թափառական այդ վայրին մէջ, եկուր, հիմա դգալ գտիր:

Ուրիշ տարի մը շաբաթ գիշեր եկեղեցին չկրցայ կազմել: Նոյն սրահին մէջ օտարներ հարսանիք ունէին: Եկուր ալ` մէջէն ե՛լ: Ուշ շաբաթ գիշեր փորձեցի սրահ մտնել: Ի՛նչ տեսնեմ` կազմուելիք եկեղեցւոյ մէջ հարսնեւորները «տիսքօ» սարքած էին… Հարսնեւորները, հարսն ալ, փեսան ալ մոռցած, գարեջուրի շիշերը ձեռքերնին, իրարու փաթուած, կը պարէին: Ներսը շատ մութ էր, սեղանը հազիւ կը տեսնէի` ձայնապնակներով լեցուն:

Դուրս եկայ սրահէն, առաւօտ ժամը մէկը անց էր: Քշեցի ու հասայ տուն, ալ եթէ կրնաս, քնացիր: Յիշեցի Տիրամօր նկարին տեղափոխութիւնը: Ես այդ սրահին մէջ առաւօտուն եկեղեցի պիտի կազմէի: Աչքիս առջեւ կ՛անցնէին Այնճարի յիշատակներ, բարձունքին շինուած տպաւորիչ Ս. Պօղոս եկեղեցին, ծանօթ թաղական խորհուրդի մարդիկ: Յիշեցի շարականի մը քանի տողերը. «Եկեղեցին գոյ անշարժ պահեա՛»:

Յաջորդ կիրակի առաւօտ մտահոգ ու աճապարանքի մէջ հասայ վայրը: Բան չէի խօսեր, աթոռները շարեցի, պատարագի սեղանը շտկեցի, արդէն քահանան հասաւ, բարի ու ազնիւ անձնաւորութիւն մը` միշտ լաւատես, ընդառաջած էր մեր առաջարկին, ժամանած էր Քանատայի Քեմպրիճ քաղաքէն, յանձինն Կոմիտաս քհնյ. Փանոսեանի: Մխիթարուած զգացի զինք տեսնելով: «Յուսամ աղօթքները ի խորոց սրտերէն կ՛ըլլան», ըսի միտքէս ու հեռացայ խորանէն, մինչեւ միւս տեղափոխութիւն:

Այսպէս, երբ մենք թափառական ճամբայ ելանք 1939-ին, ժողովուրդը վերջնականապէս ստիպուեցաւ հեռանալու այն լեռներէն, որոնք իր կենցաղային գոյութեան իմաստն էին: Հիմա Ֆրեզնոյի այս մէկ իսկ քաղաքին մէջ թափառական ենք: Շարժուն այս եկեղեցին քարեր չունի, որ օծուին: Մեր երթով ինքն ալ իր գոյութիւնը կը կորսնցնէ: Թշնամիներ չկան, որ գրաւեն զայն, ո՛չ իսկ օտարներ, որ կարենան պղծել անոր դռները: Առանց փարոսի նաւ մը, որ կը շարունակէ իր գնացքը… Ու կը կազմենք ու կը քանդենք այդ շարժուն եկեղեցին, որուն հաւատքն է հաստատուն, բայց գոյութիւնը` շարժուն:

Երեսուն տարիներ անցած են աննախընթաց այդ թուականէն, երբ 1984-ին առաջին մատաղը մատուցեցինք Մուսա Լերան լանջերուն նահատակուած մեր հայրերուն: Մուսալեռցի մեր հայրենակիցներէն շատ քիչ թիւ մը մնացած է: Մնացեալը` գիրքեր եւ յուշեր:

Մուսալեռցի գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեան այսպէս կտակած է իր «Միտք պահի» գրութեան մէջ. «Միտք պահէ՛, թէ դուն ճէպէլմուսացի ես, նոյնիսկ եթէ բախտ ըսուածը բերած ըլլայ քեզ այս նոր հողերուն կամ նետած` տարագրութեան որեւէ գեհանի մը կրակին: Միտք պահէ՛: Քառասուն օրեր` քառասուն արեգակի պէս, քառասուն դար կը լուսաւորեն»: Անձնատուր չենք եղած բախտին ու անշեղ կը քալենք այն ճամբէն, որ կը պահանջէ Մուսա Լերան յաղթութեան ոգին: Այս ուղին գծեցին Մուսա Լերան լանջերուն նահատակուած տասնութ նահատակները: Հաստատուն այս հաւատքով ամէն տարի նոր ու նոր կը կազմենք նոր խորան ու կը շարժինք դէպի մշուշոտ ապագան` հաստատ գիտնալով, թէ անպայման պայծառ առաւօտ մը ըլլալու է հայրենի լանջերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES