Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանին Դարձեալ Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Իր Քաղաքացիներուն Իրաւունքները

Իլկար Նասիպով
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի նախարարութեան անունով անգամ մը եւս դատապարտած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու անմխիթար վիճակը:
«Tert.am» կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փսաքիին հարցուած է, թէ արդեօք համապատասխան միջավայրի բացակայութի՞ւնը պատճառ դարձած է Ազրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպան Իլկար Նասիպովի դաժան ծեծին (Փսաքի մէկ օր առաջ խօսած էր Ազրպէյճանի մէջ կառավարութեան կողմէ հիմնարար ազատութիւններու միջավայր ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին):
Փսաքի նշած է, որ առաջին անգամ է, որ իրենք մտահոգութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին առնչութեամբ: Փսաքի վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան մտահոգութիւնը այն հարցով, որ Ազրպէյճան չի պահպաներ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները: Ան Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է յարգելու իր քաղաքացիներուն մարդկային իրաւունքները եւ նշած, որ ատիկա ի շահ Ազրպէյճանի իսկ բարօրութեան պիտի ըլլայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կրնա՞ն որեւէ բան ընել իրավիճակը սրբագրելու համար, Փսաքի ըսած է, որ այդպիսի հարցերուն մէջ սերտօրէն կը համագործակցին եւրոպացի գործընկերներու հետ` չմանրամասնելով համագործակցութեան բնոյթը:
Յիշեցնենք, որ 21 օգոստոսին Նախիջեւանի մէջ դաժան ծեծի ենթարկուած էր ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան, լրագրող Իլկար Նասիպով:

