Տաւութօղլու Ներկայացուց Թուրքիոյ Կառավարութեան Կազմը

0829_DavutogluԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Ահմեթ Տաւութօղլու, որ նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարն է, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ներկայացուց հանրապետութեան 62-րդ կառավարութեան կազմը: Էրտողան հաւանութիւն տուաւ նոր կազմին:

Տաւութօղլուի ներկայացուցած կառավարութեան նոր կազմին մէջ իրենց պաշտօնները պահպանած են տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի նախարարները: Վարչապետի պաշտօնակատարը իր խմբակին մէջ առած է երկու նոր փոխվարչապետ:

Եալչըն Աքտողան եւ Նուման Քուրթուլմուշ կը փոխարինեն փոխվարչապետներ Պեշիր Աթալայն ու Էմրուլլահ Իշլերը: Աթալայ քրտական հարցի լուծման «խաղաղ հոլովոյթ»-ին մէջ կարեւոր դերակատար մըն էր, եւ կը նախատեսուի, որ Աքտողան, որ Էրտողանի սերտ խորհրդատուն է,  նշեալ հոլովոյթին մէջ ստանձնէ Աթալային դերը:

Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ վերջին 9 ամիսներուն վարած է Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարարի պաշտօնը, պիտի փոխարինէ Տաւութօղլուն` իբրեւ արտաքին գործոց նախարար: Երկրի առեւտուրի եւ մաքսային հարցերով նախարար նշանակուած է Նուրեթին Չանըքլը:

Նոր նախարարաց խորհուրդը պիտի կարենայ սկսիլ իր աշխատանքին միայն խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք: Այս հարցին վերաբերեալ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 կամ 8 սեպտեմբերին: Մինչ այդ` Տաւութօղլու պէտք է երեսփոխաններու հաստատման ներկայացնէ իր գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES