Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

Զարիֆ եւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռուսիա եւ Իրան Միջին Արեւելքի նկատմամբ իրարու մօտ եղող կեցուածքներ ունին»: Ան ողջունեց Միջին Արեւելքի խնդիրները լուծելու համար Եգիպտոսի կատարած քայլերը:
Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է միայն խաղաղ միջոցներով լուծել` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի հարցերը կարելի չէ առանց Իրանի մասնակցութեան միջազգային ջանքերով լուծել: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին հարցը լուծել` հիմնուելով հիւլէական ուժանիւթը խաղաղ նպատակներու համար եւ կասկածները փարատելու նպատակով միջազգային հսկողութեամբ օգտագործելու Իրանի իրաւունքին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Կասպից ծովու հարցին` Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ այդ ծովուն վերաբերեալ թղթածրարներ գոյութիւն ունին, որովհետեւ այդ ծովը պէտք է զայն շրջապատող ժողովուրդներուն շահերուն ծառայէ, «եւ յառաջիկայ աշնան այդ պետութիւններու վեհաժողով մը պիտի գումարենք»: Ան գոհունակութիւն յայտնեցհանդիպումին նկատմամբ, «որ ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները պիտի ընդլայնէ»:
Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Իրան բազմաթիւ հասարակաց շահեր ունին, ըլլան անոնք շրջանային կամ միջազգային մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային կացութեան վերաբերեալ իրարու մօտ ռազմավարութիւններ, ինչպէս` ծայրայեղութեան բնաջնջում:
«Ահաբեկչութիւնը, որ Սուրիոյ ժողովուրդին սպառնաց, այսօր Իրաքի ժողովուրդին եւ այլ շրջաններու ժողովուրդներուն կը սպառնայ եւ կրնայ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ լայնօրէն տարածուիլ եւ այդտեղ բռնարարքներ ու ոճիրներ ստեղծել», ըսաւ Զարիֆ:
«Մեր կեցուածքը այս երեւոյթին նկատմամբ ճիշդ է, եւ մեր կարելին պիտի ընենք ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան վերջ տալու համար», ըսաւ ան:

