Օպամա Քերրին Կը Գործուղէ Միջին Արեւելք` ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դաշինք Մը Կազմելու Համար

Պարաք Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրին արտաքին գործոց նախարարը գործուղեց Միջին Արեւելք` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու դաշինք մը յառաջացնելու համար:
Օպամա յայտարարեց, որ Ճոն Քերրին գործուղած է Միջին Արեւելք` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար դաշինք մը կազմելու համար` նշելով. «Շրջանի ղեկավարները պէտք է ընդունին, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը բոլորին դէմ վտանգ կը ներկայացնէ»:
Օպամա յայտնեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար զինուորական շարք մը ընտրանքներ պատրաստել` նշելով, որ իր ռազմավարութիւնը տակաւին զարգացման հանգրուանին մէջ է եւ ընդգծելով, որ ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելը դիւրին պիտի չըլլայ:
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ֆրանսա աշխատանք կը տանի յառաջիկայ շաբաթներուն Փարիզի մէջ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովին կարելի եղածին չափ մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովելու: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի շրջանակները օրաթերթին յայտնած են, որ խորհրդաժողովին նպատակը ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած վտանգը լուծելն է:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Պերլին Ուաշինկթընի եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ առանց իր մասնակցութեան զինուորական միջամտութեան շուրջ քննարկումներ կը կատարէ: Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ կը նախատեսուի, որ այդ դաշինքին մաս կազմեն Աւստրալիան, Բրիտանիան, Յորդանանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Միւս կողմէ, եւրոպացի դիւանագէտ մը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը տիրէ այն մթնոլորտը, որ սեպտեմբերի վերջաւորութեան նախատեսուած նիստի մը ընթացքին խորհուրդը օտար զինեալներու Սուրիա եւ Իրաք մուտք գործելով ահաբեկչական կազմակերպութեանց միանալը արգիլող որոշում մը որդեգրէ:

