Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Հռոմ այցելութեան նպատակը նախագահական ընտրութեան հարցը քննարկելը չէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ինք սկսած է «Պաապտայի յայտարարութիւն» ճակատի ստեղծման պատրաստութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի յատուկ բանբերը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումները եւ պահանջեց առեւանգուած զինուորները անմիջապէս ազատ արձակել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սէյչի Օցուքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Անդրադառնալով

ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին` Օցուքա հաստատեց, որ Ճափոն պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի հետ` հակակշռելու համար երկրին սահմանները: Ժեմայէլ եւ Օցուքա ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի արձանագրած յաղթանակները պիտի մղեն մեծաթիւ սուրիացի գաղթականներու Լիբանան ժամանումին` աւելցնելով, որ նման պարագայի Լիբանան լրջօրէն պիտի սերտէ լիբանանեան-սուրիական սահմանին փակումը` նկատի ունենալով Լիբանանի ապահովութեան վրայ անոր ունենալիք վտանգները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, կը գրէ, թէ Ժոմպլաթ կը զօրակցի նախկին նախարար Ժան Օպէյտը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու գաղափարին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին տրամադրուած երեք միլիառ տոլարի սէուտական օժանդակութիւնը մօտիկ ապագային պիտի գործադրուի:

ԸՍՏ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին, Արսալի զինեալներուն կողմէ յաւելեալ զինուորներ առեւանգելու նպատակն է բանակին վրայ ճնշում բանեցնել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պիտի գոյանայ ֆրանսական-սէուտական համաձայնութիւն մը, որ պիտի կազմակերպէ լիբանանեան բանակին զինումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է քանի մը օրուան ընթացքին լիբանանեան բանակին զէնք տրամադրելու, եթէ լիբանանեան պետութիւնը նման պահանջ մը ներկայացնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու պետ Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը գոյութիւն չունի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, անհրաժեշտ է անպայման բանակցիլ լիբանանեան բանակին զինուորները առեւանգող զինեալներուն հետ` ազատ արձակել կարենալու համար առեւանգուած լիբանանցի զինուորները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի մէջ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ զգուշացուցած են Լիբանանի վրայ ՏԱՀԵՇ-ի ունենալիք վտանգներէն:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Թրիփոլիի հեղինակութիւններէն, գրեց, թէ Թրիփոլի պիտի դիմադրէ հաւատադրժողական ծրագիրին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ երեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստը պիտի յատկացուի ելեւմտական թղթածրարներու քննարկումին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն ետք իրենց համար նախ եւ առաջ կու գայ Ժըպրան Պասիլի թեկնածութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի զգուշացուց նախագահական աթոռի թափուր մնալուն, ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու վտանգէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին օժանդակելը անհրաժեշտութիւն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ ամերիկացիները չեն ուզեր համոզուիլ, որ իրենք սուրիական վարչակարգին գծով սխալած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Արսալի մէջ պատահածը ամբողջ լիբանանեան պետութեան դէմ պատերազմ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ Արսալի դէպքերուն հարցը պէտք է կատարեալ լրջութեամբ եւ զգուշութեամբ լուծուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա հաստատեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուց, որ քաղաքական միջավայրը ահաբեկչութիւնը ընդգրկող ամէնէն վտանգաւոր միջավայրն է:

Share this Article
CATEGORIES