Պասիլ Հէյլէն Պահանջեց Օժանդակել Լիբանանին` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Շրջագիծին Մէջ

Պասիլ եւ Էխհորեսթ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ դրուատեց Ժըպրան Պասիլի ի գործ դրած աշխատանքները` այլ երկիրներու անոր պաշտօնակիցներուն հետ:
Էխհորեսթ ընդգծեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Քննարկուեցան Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին պիտի շարունակուին:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ Հէյլէն պահանջեց օժանդակել Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:
Հէյլ Պուսթրոս պալատէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

