Զօր. Աուն – Մաշնուք Հանդիպում

Մաշնուք եւ զօր. Աուն

Մաշնուք եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Արսալի զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ զօր. Աունի կատարած իր այցելութեան հիմնական նպատակն էր քննարկել Արսալի իրադարձութիւնները` քաղաքական, ապահովական եւ զինուորական գետնի վրայ:

Մաշնուք շեշտեց, որ Արսալի մէջ կացութիւնը տակաւին ոչ մէկ բարելաւում արձանագրած է` աւելցնելով, որ անիկա կը նմանի լարուած ականի մը, որ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:

Անդրադառնալով առեւանգուած զինուորներուն հարցին` Մաշնուք յայտնեց, որ անիկա բոլոր լիբանանցիներուն ճիտին պարտքն է` աւելցնելով, որ ինք զօր. Աունի հետ համաձայնած է Արսալի մասին յաւելեալ խորհրդակցութիւններ եւ աշխատանքի համադրում կատարելու:

«Այս առումով կան քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնք որոշ տեսակէտներու շուրջ պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն», ըսաւ Մաշնուք:

Ներքին գործոց նախարարը ակնարկեց նաեւ դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է թեթեւցնել Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական բեռը:

Մաշնուք ըսաւ, որ զօր. Աունի հետ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը չէ քննարկած:

Իսկ Արսալի մէջ առեւանգուած զինուորներէն մէկուն անճիտումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաշնուք շեշտեց, որ այդ մասին կասկածներ կան եւ կարելի չէ այդ արարքը ստոյգ նկատել:

 

Share this Article
CATEGORIES