Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնէութիւնը Եռօրեայ Գործադուլ Յայտարարեց
Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնէութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ եռօրեայ գործադուլ յայտարարեց երկուշաբթի, 1, երեքշաբթի, 2 եւ չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին` ընդգծելով Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռները բանալու եւ պաշտօնէութեան մուտքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ պաշտօնէութիւնը բողոքեց 21 օրէ ի վեր Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ տիրող իրավիճակին դէմ:
Միւս կողմէ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ ընկերութիւնը չի կրնար իր աշխատանքները շարունակել, երբ ընկերութեան կեդրոնական շէնքը գրաւուած է:
CATEGORIES Լիբանանեան

