Արսալի Դէպքերուն Մասին Պըրրի Զայրոյթով Կ՛արտայայտուի Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Արսալի զինեալ բախումներուն եւ դէպքերուն մասին խիստ զայրոյթով արտայայտուեցաւ եւ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց ազգային պատասխանատուութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ տակաւին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

