50 Տարի Առաջ (1 Սեպտեմբեր 1964)

Թուրք Լրագրողի Մը Յուշերը

Իրենք Ալ Սկսան Ընդունիլ…

Եունուս Նատի Դէմ Է Եղեր Թալէաթի Հայաջինջ Ծրագրին

Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թերթին մէջ ծանօթ լրագրող Նատիր Նատի կը շարունակէ հրատարակել իր յուշերը: Խօսելով իր հօրը` Եունուս Նատիի մասին, կը գրէ.

Հայրս առանց ձանձրանալու տարիներով աշխատած է, որպէսզի Թուրքիա ժամ առաջ տիրանայ յառաջդիմական արեւմտեան կարգուսարքին:  Թէեւ ան կրակոտ ազգայնասէր մըն էր, բայց ազգայնամոլ չէր: Ան ինքզինք թուրք նկատող ամէն մարդու թրքութեան կը հաւատար: Ա. Աշխարհամարտին Թալէաթ փաշային յստակօրէն ըսած էր, որ ճիշդ չի գտներ հայոց դէմ իրենց որդեգրած ընթացքը: Փոքրամասնութիւնները գիտէին հօրս այս գործունէութիւնը, անոր համար կը յարգէին զայն:

Զինադադարին Տամատ Ֆերիտի կառավարութիւնը հետապնդում կատարեց հօրս դէմ, որպէսզի անգլիացիներուն յանձնուի եւ Մալթա քշուի, այն ատեն մեր հայ դռնապանը` Գալուստն է, որ զայն գաղտնօրէն փախցուց մեր յարկաբաժնի սպասարկութեան դուռէն:

 

Աշխարհի Բնակչութիւնը 3 Միլիառ 198 Միլիոն

Մեծագոյն Երկիրը` Խորհրդային Ռուսիան,
Ամէնէն Բազմամարդ Քաղաքը`
Թոքիօ, Մեծագոյն Ժողովուրդը` Չիներ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը հրատարակէ ազգագրական տարեցոյց մը: 1963-ի տարեցոյցէն ի յայտ կու գայ, թէ ամէն տարի երկրագունդին բնակչութիւնը 63 միլիոն յաւելում մը կ՛ունենայ: 1962-ին երկրագունդի բնակչութիւնը 3,135,000,000 միլիոն էր: Աճի տոկոսը եղած է 2,1 առ հարիւր:

Ամէնէն աւելի աճող շրջանը Կեդրոնական Ամերիկան է: Հոն աճի տոկոսը 2,9 առ հարիւր է: Թուական տեսակէտէն, արեւելեան Ասիոյ մէջ բնակչութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջանայ: 1962-ին 74 միլիոն աւելի բնակիչ ունի, քան` 1958-ին:

ՄԱԿ-ի տարեցոյցին համաձայն, աշխարհի բնակչութիւնը առնուազն 20 առ հարիւր կը գտնուի չինական ցամաքամասին վրայ: Չինաստանի բնակչութիւնը 670-680 միլիոն կը հաշուէ:

Չինաստանէն ետք, ամէնէն բազմամարդ երկիրներն են Հնդկաստան` 449 միլիոն, Խորհրդային Միութիւն` 221 միլիոն, Միացեալ Նահանգներ` 187 միլիոն, Ինտոնեզիա` 98 միլիոն, Փաքիստան` 97 միլիոն, Ճափոն` 95 միլիոն, Պրազիլ` 75 միլիոն, Գերմանական Դաշնակցային Հանրապետութիւն` 55 միլիոն, Մեծն Բրիտանիա` 53 միլիոն, Ֆրանսա` 46,450,000:

Աշխարհի տասը ամէնէն ընդարձակ երկիրներն են, կարգով` Խորհրդային Միութիւն, Քանատա, Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Աւստրալիա, Հնդկաստան, Արժանթին, Սուտան եւ Ալճերիա:

Թոքիօ իր 8,613,000 բնակչութեամբ կը մնայ աշխարհի մեծագոյն քաղաքը` գլել անցնելով Նիւ Եորքը, որ 1962-ի ապրիլին 7,781,984 բնակիչ ունէր իր արուարձաններով:

Ուստի, աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն շարքը կը ստանայ հետեւեալ պատկերը. Թոքիօ, Նիւ Եորք, Շանկհայ (6,900,000) բնակիչ, Մոսկուա (6,717,000), Պոմպէյ (4,422,165), Փեքին (4,010,000), Շիքակօ (3,550,404), Գահիրէ (3,418,400), Ռիօ տը Ժանէյրօ (3,223,408), Թիէնցին (3,220,000), Լենինկրատ (3,180,000), Լոնտոն (3,179,980), Սան Փաուլօ (3,164,804), Օզաքա (3,191,000) եւ Մեքսիքօ (3,050,000):

Առաջին անգամ ըլլալով տարեցոյցը տեղեկութիւններ կու տայ ափրիկեան նոր պետութիւններուն մաս կազմող ցեղախումբերու մասին:

Ղանայի բնակչութիւնը 6,726,820 է, որուն 6,710,850-ը կը պատկանին 103 ցեղախումբերու: Տարեցոյցը կը պարունակէ նաեւ Սենեկալի, Կինէի, Քենիոյ, Սուտանի, Թանկանիքայի, Թոկոյի, Ուկանտայի եւ Վոլթայական Հանրապետութեան ցեղախումբերուն մասին:

Գալով ծնունդներու աճին` Փղոսկրեայ Ափը կու գայ առաջին գիծի վրայ, տարին 1000 բնակիչի վրայ` 56 նորածին: Անոր մօտէն կը հետեւին Թոկօ եւ Տահոմէյ:

Հարաւային, արեւմտեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ծնունդներու տարեկան միջինն է 18 առ հազար: Ամէնէն ցածն է արեւմտեան Պերլինի մէջ, 11,1 առ հազար:

Ծնունդներու համաշխարհային տոկոսն է 37 առ հազար:

Գործօն բնակչութեան մեծագոյն համեմատութիւնը Ռումանիոյ մէջ արձանագրուած է` 59,7 առ հարիւր:

Այս համեմատութիւնը 47,5 առ հարիւր է Խորհրդային Միութեան մէջ եւ 39 առ հարիւր Միացեալ Նահանգներու: Տարբերութիւնը կու գայ անկէ, որ խորհրդային կիներու 41,5 առ հարիւրը կ՛աշխատի, մինչ այս համեմատութիւնը 24,6 առ հարիւր է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES