Թուային Ժամանակներու Մէջ. «Համացանցի Մռայլ Կողմը»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985compԾՆՈՂՆԵՐ Ի՞ՆՉ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ` ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ԻՆՔԶԻՆՔ ՊԱՏՇՊԱՆԵԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՍԱՍՏԿԱՑՈՂ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԷՆ:  ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ՄԷՋ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՑՈՒՑՄՈՒՔԻՆ:

Մեկի Աթքինսըն, որ Անգլիոյ մէջ իրաւական մակարդակներու վրայ կը կատարէ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանի դեր, կ՛ըսէ, թէ մարդկային ընկերութեան պարտականութիւնն է թոյլ չտալ, որ մանուկներ «զոհը դառնան համացանցի մռայլ կողմին», մինչ պատանիներ հետզհետէ աւելի ենթակայ կը դառնան իրենք զիրենք սննդազրկելու, պոռնկագրական նիւթեր դիտելու եւ համացանցի վրայ իրենց մերկ նկարները ցուցադրելու վտանգներուն:

«Այժմ, երբ կ՛ապրինք օրական 24 ժամ համացանցի կապուած անանձնական աշխարհի մը մէջ, ուր միշտ ներկայ է ամէն ինչ, պէտք չէ թոյլ տանք, որ յաջորդ սերունդները զոհը դառնան համացանցի մռայլ կողմին», կ՛ըսէ ան:

«Այսուհանդերձ, այս չի նշանակեր, թէ չափահասներ պէտք է հակակշիռի տակ առնեն ամէն ինչ եւ կղպեն բոլոր դռները: Այլ` անոնք պէտք է պատասխանատուութիւնը ստանձնեն դաստիարակելու ճկուն սերունդ մը, որ քննադատական մօտեցումով կրնայ դատել իր տեսած բաները եւ կրնայ որոշել, թէ համացանցի վրայ ի՛նչ բան ապահով է: Եթէ մեր մերկ նկարը պիտի չուղարկէինք պասին մէջ մեր քով նստած անձի մը, ապա հաւանաբար զայն պիտի չցուցադրէինք համացանցի վրայ», կ՛ըսէ ան:

«Ճկունութիւնը անհրաժեշտ է, երբ մանուկներ կը սկսին զրուցել համացանցի յոռի «սենեակներու» մէջ, ուր կը ստանան յոռի պատգամներ: Պատահած են սրտաճմլիկ դէպքեր: Մանուկներ կը կարծեն, թէ «ուրիշ մը» պատասխանատու է զիրենք դատելու, թէ` «ուրիշ մը» կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել»:

Աթքինսըն նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ մանուկներուն սորվեցնել, որ իրե՛նք նախայարձակ չդառնան եւ հայհոյական բառեր չգործածեն, ինչպէս զանոնք պիտի չգործածէին սենեակի մը մէջ` այլոց ներկայութեան: «Մարդկութիւնը ունի իր մռայլ կողմը, շատերուն էութեան մէջ նստած է բռնադատ մը, հարցը այն է, թէ արդեօք կարողութիւնը ունի՞նք հակակշռելու նման մղումներ»:

Աթքինսընի մտահոգութիւնները բացայայտուած են ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ ցոյց կու տայ, թէ Անգլիոյ տարածքին 16 տարեկանէն վար մանուկներուն աւելի քան 25 առ հարիւրը կ՛այցելէ համացանցի վրայ չափահասներու միջեւ սիրային հանդիպումներ իրականացնող կայքեր:

Աթքինսըն, որ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան սպասարկութիւններու մաս կազմելէ առաջ աշխատած է իբրեւ ուսուցիչ եւ 2010-ին կրթութեան նախարարութեան կողմէ նշանակուած է մանուկներու իրաւունքներու իրաւական պաշտպան, կ՛ըսէ, թէ հարցը ո՛չ թէ մանուկներուն ապահովութիւնն է, այլ զանոնք իրական աշխարհի մէջ հաւասարակշռուած կեանք մը ապրելու պատրաստելը:

«Իրապէս ամօթալի է. աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի Բրիտանիոյ մէջ է, որ մանուկներ աւելի յաճախ կը հաղորդակցին աշխարհին մէկ այլ անկիւնը ապրող իրենց անծանօթ անձերու հետ, քան` դրկից մանուկներու», կ՛ըսէ Աթքինսըն:

«Մանուկներն ու պատանիները պէտք է քաջալերել, որ պարբերաբար անջատեն համացանցի հետ կապը, ֆութպոլ խաղան, քալեն զբօսայգիին մէջ: Ծնողներ, որոնք կը տեսնեն, թէ իրենց զաւակը ժամերով կլանուած է համացանցի աշխարհին մէջ, պատասխանատու պէտք է զգան եւ պէտք է միջոցներու դիմեն` իրենց զաւկին մոլութիւնը բուժելու»:

Աթքինսըն 50-ական տարիքի կին մըն է: Ան կ՛ըսէ, որ «եթէ այսօրուան մանուկներուն հասողութեան սահմաններուն մէջ գտնուող տեղեկութիւններուն քանակը բաղդատենք իր մանկութեան ժամանակ մատչելի տեղեկութիւններու հետ, ապա կը զգանք կարեւորութիւնը մանուկներուն սորվեցնելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զանազանել տեղեկութիւնները եւ ինչպէ՛ս` վստահիլ»:

«Ինծի սորվեցուցած են, թէ գրադարանի մը դարաններուն վրայ շարուած բոլոր գիրքերը չեն, որոնք ճշմարտութիւններ կը պարունակեն: Պէտք է մանուկները եւ պատանիները սորվին, թէ համացանցի վրայ բոլոր բառերը եւ պատկերները կամ կապերը այն չեն, ինչ որ կը թուին ըլլալ»:

Աթքինսըն կը խոստովանի, թէ ինք անձամբ կը գործածէ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող բազմաթիւ ցանցեր եւ կը թելադրէ մանուկներուն բացատրել կարեւորութիւնը անձնական տեղեկութիւնները թաքուն պահելու, մանաւանդ` ինչ կը վերաբերի բնակավայրի, եւ զանոնք տրամադրելու միայն սեղմ շրջանակի մը:

«Այս վայրկեանիս Դիմատետրի վրայ էի, սակայն չէք կրնար կռահել, թէ ո՛ւր էի: Միայն 6 անձեր գիտեն, թէ ո՛վ եմ Դիմատետրի վրայ: Նոյն ձեւով ներկայ եմ նաեւ Ինսթակրամի վրայ: Ունիմ 11 հետեւորդներ եւ աւելին ունենալու նպատակ չունիմ», կ՛ըսէ ան:

Share this Article
CATEGORIES