Յուշատետր. Լորել Եւ Հարտի

Ռ. Հ.

Երբ կը պտըտկէի հեռատեսիլի հարիւրաւոր կայաններուն միջեւ, որպէսզի ճաշակիս յարմար բան մը գտնէի դիտելու համար, յանկարծ տեսայ, որ Լորել եւ Հարտիի մէկ ժապաւէնը կը ցուցադրուէր օտար կայանէ մը: Սթան Լորելի ու Օլիվեր Հարտիի մէկ ժապաւէնը: Սեւ-ճերմակ շարժանկարի շրջանէն մնացած թանգարանային ժապաւէն մը, ուր երկու նշանաւոր կատակերգակները, մէկը նիհար, միւսը գիրուկ, իւրայատուկ ծամածռութիւններով ու խեղկատակութիւններով կը ստեղծէին ծիծաղաշարժ կոչուածը: Պահ մը ուրախացայ այդ ժապաւէնը տեսնելով: Լորել-Հարտիին այնքան անմոռանալի պատկերները բան մը խաղցուցին սրտիս մէջ, յուզում մը զգացի: Լաւ մը տեղաւորուեցայ բազկաթոռիս մէջ ու որոշեցի դիտել ժապաւէնը: Ինչե՜ր ու ինչեր պիտի արթննային յիշողութեանս մէջ, որքա՜ն ետ պիտի երթայի կեանքի տարիներուս մէջ, ինչպէս պիտի յիշէի այն շրջանները, երբ խենդի նման դէպի շարժանկարի սրահ կը վազէինք դիտելու համար Լորել-Հարտիէն որեւէ ժապաւէն: Այո՛, լաւ մը թաղուեցայ բազկաթոռիս մէջ ու սկսայ դիտել խնդալով:

Բայց հինգ վայրկեան վերջ ձանձրացայ: Քիչ առաջուան խանդավառութիւնս ու հոգեխառնութիւնս փուլ եկաւ կարծես: Ո՛չ: Այս կատակերգութիւնը այսօր այլեւս ժամանակավրէպ էր: Զայն հինգ վայրկեանէն աւելի երկար չէի կրնար դիտել, որքան ալ ներաշխարհէս ներս ան ստեղծէր կարօտի զգայնութիւն մը: Ստիպուեցայ ընդունիլ, որ Լորելը ու Հարտին այլեւս մնացած էին անցեալի մէջ: Ասիկա շատ հաճելի չեղաւ ինծի համար: Որովհետեւ թէեւ չէի գիտեր, թէ քսան տարեկան երիտասարդ մը այսօր ինչ տպաւորութիւն պիտի կրէր, եթէ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեսնէր Լորել ու Հարտիէն հին ժապաւէն մը, բայց ես այդ ժապաւէնին մէջ շատ բան կը տեսնէի ու պատրաստուած էի ժապաւէնը դիտելով վերյիշելու, թէ մենք մեր երիտասարդութեան ինչերու արժէք տուած, ինչերը ընդունած էինք որպէս այդ շրջանի արուեստի ու զուարճութեան բարձրակէտ: Մտածած էի, որ կարօտալից յափշտակութեամբ մինչեւ վերջ պիտի դիտէի առնուազն յիսուն տարուան այդ ժապաւէնը:

Բայց չեղաւ: Շուտ ձանձրացայ: Կարօտը մարեցաւ իմ մէջ, իր տեղը թողուց ձանձրոյթին: Փոխեցի կայանը: Ուրիշ բան մը փնտռեցի: Բան մը, որ մեր այսօրուան ժամանակին ապրանքը ըլլար: Մեր այսօրուան ճաշակը շոյէր:

Ուրիշ բան կը դիտէի, բայց միտքէս չէի կրնար սրբել Լորել ու Հարտիին պատկերները, մեզի այնքան ծանօթ անոնց խաղերը, մէկը իբրեւ թէ անճարակ, միւսը` իբր թէ հնարամիտ: Կը մտածէի, որ ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ արուեստին զարգացումը ժամանակի տեւողութեան մէջ: Արուեստի ճաշակն ու դպրոցն ալ ծնունդ կ՛առնէ, կը զարգանայ, կը մագլցի դէպի ամենաբարձր կէտերը, տասնամեակներ շարունակ կը խանդավառէ միլիոնաւոր մարդիկ, յետոյ կը սկսի նահանջել, վայրէջք կ՛արձանագրէ, օր մըն ալ կը դառնայ անցեալի թանգարանային ապրանք: Ահաւասիկ, հինգ վայրկեանէն աւելի երկար չես կրնար նայիլ անոր, անիկա քեզ այլեւս չի յուզեր, անցեալի մէջ մնացած արուեստի ամէնէն տխուր մէկ պատկերն իսկ քեզի հիմա կրնայ ծիծաղելի ու ծիծաղաշարժ թուիլ, կրնաս մինչեւ իսկ զարմանալ, որ անցեալին ինչպէս այնքան հիացեր ենք այդպիսի արուեստի մը, որ հիմա անարժէք կը թուի մեզի: Տխուր էր:

Բայց յանկարծ կէտ մը յիշեցի: Արբանեակային քանի մը հազար օտար ռատիոկայան ունիմ բնակարանիս մէջ, որոնցմէ գոնէ տասը, տասնհինգը իմ նախասիրածներս են, որովհետեւ հրաշալի երաժշտութիւն կը հաղորդեն օրը քսանչորս ժամ: Ամէն տեսակ երաժշտութիւն կայ հոն քու ճաշակիդ համաձայն: Իմ նախասիրածս դասական երաժշտութիւնն է: Բայց ունիմ քանի մը կայաններ, որոնք փոփ երաժշտութիւն կոչուած երաժշտութեան մասնաւոր թուականներուն նուիրուած են: Կը կոչուին` «Վաթսունական թուականներու երգեր», «Եօթանասունական թուականներու երգեր» կամ «Ութսունական թուականներու երգեր»: Մէկը միայն վաթսունական թուականի երգերը կը հաղորդէ, միւսը միայն եօթանասունական թուականներու երգերը կը հաղորդէ: Այսինքն կը հաղորդէ երգ մը ու երաժշտութիւն մը, որ կու գայ յիսուն կամ քառասուն տարի հինէն: Ես անօրինակ հաճոյքով ու կարօտով ժամեր շարունակ կրնամ մտիկ ընել այդ կայանները, օրօրուիլ այն երաժշտութեամբ, որ զիս քառասուն, յիսուն տարի ետ կը տանի ու զիս կ՛օրօրէ իմ անցեալիս մէջ: Միշտ ալ բան մը կը խաղայ սրտիս մէջ ամէն անգամ, որ սիրուած, ապա մոռցուած երգ մը կ՛իմանամ այդ կայաններուն մէկէն կամ միւսէն: Այդ երգերն ալ ստեղծուած էին յիսուն կամ քառասուն տարի առաջ, ինչպէս` Լորել եւ Հարտիին ժապաւէնը,  բայց ես ո՛չ միայն չեմ ձանձրանար այդ երգերը լսելէ, այլ նաեւ կը յափշտակուիմ, կը զգացուիմ, կը յուզուիմ, կը սկսիմ մտածել, որ այսօրուան երգերը տասնոց չեն արժեր ասոնց քով:

Երաժշտութիւնը ունի այս ահաւոր ուժը, որուն դիմաց խոնարհած եմ միշտ: Երաժշտութիւնը այն ամէնէն ազդու փոխադրամիջոցն է, որ մարդը կը տանի դէպի անցեալի յուզումներ: Կարծես ոչինչ այնքան անցեալը կը վերակենդանացնէ, որքան հին երգ մը, հին երաժշտութիւն մը, զոր սիրած ես ատենօք, եւ որ քեզի երաժշտութեան կողքին ուրիշ բաներ ալ կը յիշեցնէ: Կը յիշես այն բնակարանը, որուն մէջ կը բնակէիր այդ շրջանին, կը յիշես այն ընկերը, որուն հետ կը պտտէիր այդ շրջանին, կը յիշես այն ձայնապնակները, զորս խենդի պէս կը գնէիր այդ շրջանին, կը յիշես այն երգիչները, որոնք ամէնէն նշանաւորներն էին այդ շրջանին: Յիսուն տարի առաջուան Լորել եւ Հարտիին ժապաւէնին չես կրնար հանդուրժել, ծիծաղելի կը գտնես այլեւս զայն, բայց յիսուն տարի առաջուան երաժշտութիւնը կը յափշտակէ քեզ, քեզ կ՛առնէ իր թեւերուն մէջ, եւ եթէ կրնաս տոկալ կարօտի զգացումի մը, սրտիդ մէջէն անդին կը հրէ մոխիրները ու երեւան կը հանէ կրակ մը որ չէ մարած տակաւին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )