Էդիկ Բերդեան. Խոնարհութեան Ու Բնութեան Մեկնաբան

Արարատ
Գրականագէտ եւ մշակութաբան Էտկար Դաւիթեան յաջորդաբար աշխատակցած է «Ռեւէյ» օրաթերթին, «Ֆըրսթ Լուք» եռամսեայ արուեստի պարբերաթերթին (միաժամանակ երկար տարիներ վարելով նաեւ անոր խմբագրապետի պաշտօնը) եւ «Լ’Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին: Ան այլոց շարքին ֆրանսերէնով բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է նաեւ հայ մշակոյթին վերաբերող, յատկապէս ապրիլ ամիսներու ընթացքին ամբողջական էջեր նուիրած է Եղեռնէն ճողոպրած արուեստագէտներու: Էտկար Դաւիթեան այսօր մեծ հեղինակութիւն է առհասարակ միջինարեւելեան արուեստի աշխարհին մէջ: Այս աշնան ան որոշած է շարք մը յօդուածներ հրապարակել «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի մէջ հայ ժամանակակից արժանաւոր գեղանկարիչներու մասին: Մենք եւս մեր հերթին որոշեցինք հրատարակել զանոնք «Ազդակ»-ի արուեստի բաժնին մէջ: Առաջինը նուիրուած է հայրենի ամենատաղանդաւոր գեղանկարիչներէն մէկուն` Էդիկ Բերդեանին, զոր թարգմանաբար կու տանք նոյնութեամբ:
Վէպի մը արժանի պատմութիւն մը: Վէպ մը` նման Հիւկոյի, Պալզաքի, Թոլսթոյի կամ պարզապէս Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն: Լոյսի ու խաւարի, անկումի ու հանրային ճանաչողութեան, ահաբեկուելու ու խուճապեալ որոնումներու, զրկուելու ու ապաստան գտնելու կեանք մը նկարչութեան մէջ: Կը թուէր ըլլալ որոշ չափով Վան Կոկը` մարդկային նաւարկութեամբ փախուստ տալով դէպի Գրիգոր Լուսաւորիչի երկիրը: Ահաւասիկ շռնդալից պատմութիւնը գեղանկարիչ Էդիկ Բերդեանի:
Աքսորը, թշուառութիւնը, առանձնութիւնը, օտարումը, անէծքն ու փրկութիւնը միաժամանակ կը դրսեւորուին արուեստագէտի համարձակ վրձնահարուածներուն տակ` լի ճնշումով, թրծուած որոշ ընդվզումով մը, որ սակայն կը ձգտի դէպի խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն: Թրթռուն եւ բոցավառ գոյներ, բուռն հակասութիւններու եւ տառապած գիծերու հիմքի վրայ` համայնապատկերներու մէջ զինաթափուած պարզութեամբ մը, ուր հեքիաթային ձիակառքեր խենթ բաշերով կը շրջանցեն եկեղեցիներու գմբէթները, որոնք իրենց հերթին լքուած ու չորցած բուսականութեան ընկերակցութեամբ կը մնան բլուրներու ստորոտներուն:

Արուեստագէտն ու բնորդուհին
Բերդեան մարդկութեան յուսահատութեան եւ Աստուծոյ հեզութեան միջեւ տարուբերող կանչն է. սահմանային գիւղերու քայքայման ու սփոփանք գտած անասուններու միջեւ տարուբերող նայուածքը. եղանակներու շրջաբերութեան ու խոնարհ մարդոց համակերպումի միջեւ տարուբերող հողին երգը:
Սակայն ստեղծագործութիւն մը վերլուծելու համար հարկաւոր է վերադառնալ անոր արմատներուն: Այս արուեստագէտինը` (որ ծնած է 1930-ին, ստալինեան սարսափելի բռնապետութեան օրերուն, Երեւանի ամենաքայքայուած թաղամասերուն մէջ), արդէն իսկ կ՛ընդգրկէ տառապանքի ու տագնապի կնիքը:
Տրտմաթախիծ տրամադրութեամբ այս նկարչութիւնը խորհրդայիններու համակրանքին չ՛արժանանար: Անզգուշաբար կը դրսեւորուի ըմբոստի մը կողմէ, որ կը մերժէ խոնարհիլ խորհրդային արուեստի ջատագովներուն դիմաց, որոնք կը քարոզեն բանուորներու երջանկութիւնը լարուած աշխատանքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ փառքը` աստուածացեալ պետութեան մը: Բայց Բերդեան կը համարուի անպատկառ գեղանկարիչ մը, խստասիրտ երազատես մը եւ կամ` անսրբագրելի այլախոհ մը: Այս պատճառով ալ Երեւան վերադառնալով, ապաստան կը գտնէ թշուառութեան ու թշուառներու իր թաղամասին` Կոնտի մէջ, ուր համակերպութեամբ կ՛ապրի ու կը նկարէ ամէն ինչի վրայ, որ ձեռքը կ՛անցնի:
Կը ստեղծագործէ կատաղութեամբ` վերապրելու, շնչելու, գլուխը ջուրի մակերեսէն վեր պահելու, բացարձակ խելագարութենէ խուսափելու եւ անձնասպան ըլլալու աղէտալի ճակատագրէն խուսափելու համար: Կը թափառի պատկերակալին հետ, կը շրջի փողոցէ փողոց եւ կը պատկերէ փլատակ տուներու քարերն ու անոնց խառնակոյտերը նաեւ` երփներանգ ցնցոտիներ հագած իրարու հետ զրուցող գեղջկուհիներ, կը հանդիպի ջութակահարի մը, որ բացօթեայ, փողոցին մէջ կը նուագէ` իբրեւ հանդիսատես ունենալով անտարբեր կամ ապշած շուներ, կ՛աղօթէ լքուած եկեղեցիներու մէջ, յանկարծակիի բերելով շէները չխնամուած բուսականութեան մը սրտին մէջ, որոնք շրջապատուած են ցիրուցան դալարիքով: Կը խոկայ ծաղկած կեռասենիներու առջեւ, ինչպէս` հարսի մը սպիտակ շղարշները:

Աշուն
Հոգեկան հարստութիւն ու ֆիզիքական աղքատութիւն: Մէկ կողմէ առօրեայ ստեղծագործական երջանկութեան պոռթկումները եւ միւս կողմէ` լոյսէ զուրկ հոգիներու կազմաքանդումը, ահա թէ ինչպէ՛ս կը բարձրացնեն կորովը այս նկարչութեան: Նկարչութիւն մը` առանց լուսանկարչական կատարելագործութեան. բայց եւ այնպէս իւրայատուկ է եւ ուժգին` իր բխող տպաւորապաշտութեամբ: Նկարչութիւն մը, ուր ծառի մը ճիւղերը, նոյնիսկ գարնան, ունին ոլորումներ ու գալարումներ` վերջին թողութեան խնդրանքով:
Պատմութեան հետ առնչուող պերճախօս վկայութիւն մը Հայաստանի: Անպատիժ կերպով չենք անցնիր ժամանակի պաստառէն, ինչպէս նաեւ` քաղաքական վարչաձեւերու փոփոխութիւններէ:
Այսօր, իբրեւ թարգման պատահական հանդիպումի մը, աջակցութեամբ լիբանանցի ցուցասրահի տիրոջ մը, ութսունը բոլորած Էդիկ Բերդեան լայնօրէն թափանցած է Արաքս գետի սահմանները: Իր կտաւները լուսարձակի տակ են Փեքինէն Նիւ Եորք, անցնելով Պուէնոս Այրեսէն, Մոնրէալէն, Պէյրութէն մինչեւ Լաս Վեկաս: Մեծ խանդավառութեամբ ողջունուած` նախագիծ մը մամուլի ու հանրութեան կողմէ:
Իր «կարիքաւոր»-ները, իր ստուերային եւ միաժամանակ երջանիկ բնութիւնները, իր ոչնչապաշտ ձանձրախտը, իր տարաշխարհիկ սայլակները, իր նիւթերու այլազանութիւնը` աղքատիկ կերպարներու եւ ընտանի անասուններու, բամբասանքի, հեծելաճեմի, մլաւոցի ու հաջոցի միջեւ կը բացայայտեն յուզիչ աշխարհ մը` բնորոշ իրենց պարզութեամբ եւ չքաւորութեամբ:
Բնական փայլով ու բարեացակամ Աստուծոյ մը անսասան հաւատքով: Այս ամբողջը` թնդիւնով, խոնարհութեամբ, պատիւով ու գեղեցկութեան լուսապսակով մը:
Էդիկ Բերդեանին վրձինը իսկական գիւղական յօդուածագիրի մըն է:
Տեղեկացնող` ի հարկէ, բայց` խորապէս մարդկային: Շէկ, թաւշային, փափուկ ու շոյող գոյներով: Ինչպէս` օտարոտի կարօտախտի մը բոյրը: Ինչպէս կրակը, որ կը սփոփէ ու կը ջերմացնէ:
ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ