Շաւարշ Քոչարեան. «Սերժ Սարգսեանի Երդման Արարողութեան Վրաստանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Ներկայ Էր»
Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է նախագահի ընտրութեան փաստով: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին երէկ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Թէ ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին այդ մասնակցութիւնը, Շաւարշ Քոչարեան, ըստ էութեան, յստակ պատասխաններ չտուաւ: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահի երդման պաշտօնական արարողութիւն նախապէս երբեք չէ եղած, որովհետեւ մինչ այդ Թուրքիոյ նախագահը կ՛ընտրուէր խորհրդարանին կողմէ: Առաջին անգամն է, որ ուղղակի ընտրութիւն կատարուած է, ուրեմն առաջին անգամն է, որ դրացի երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ այդ արարողութիւնը: Քոչարեան նշեց, որ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան ալ Թուրքիա մասնակցած է Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի մակարդակով:
Երբ լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ի՞նչ լուրեր կան հայ-թրքական սահմանի բացումէն, Շաւարշ Քոչարեան հակիրճ պատասխանեց. «Լուրեր չկան»: Ան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձաւ Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման փաստին` նշելով, որ ատիկա չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ նման բանաձեւերու ընդունումով կը սկսի Արցախի խնդիրի լուծումը:

