Այնճար. Մեծարանքի Երեկոյ` Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանի

0831_karakashԵրէկ` կիրակի, 31 օգոստոս 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ  Այնճարի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի ծառայութեան 45-ամեակին առիթով` տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեանի:

0831_karakash3

Մովսէս Գէորգեան

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ` գործակցութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական  յանձնախումբին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մովսէս Գէորգեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները թաղական խորհուրդին ուրախութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկին առիթով, «որ նուիրուած է Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 45 տարիներ  անընդմէջ ծառայած Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան մեծարանքի այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Բացման խօսքէն ետք  Լալիկ Խօշեան եւ Ռիթա Լաքիսեան ներկայացուցին Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի կեանքի ճամբան` լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Պեպեճեան` ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ժողովրդային գործիքներու նուագախումբին: Պեպեճեան կատարեց քանի մը երգեր` օրուան խորհուրդին հետ համահունչ:

0831_karakash1Օրուան պատգամը փոխանցեց Վարուժան արք. Հերկելեան, որ անդրադառնալէ ետք հոգեւորականներու կարեւոր դերակատարութեան` բարձր գնահատեց Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի 45-ամեայ ծառայութիւնը Այնճարի հայ առաքելական համայնքին:

Սրբազանը անդրադարձաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի ծառայութեան ընթացքին անոր ցուցաբերած կարեւոր յատկանիշներուն, «որոնք կարելի է ամփոփել հետեւեալ բառերուն մէջ` քաջութիւն, իրաւութիւն, հաւատարմութիւն եւ համբերութիւն»:

Հերկելեան սրբազանը առողջութիւն մաղթեց քահանայ հօր, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր ազգային-եկեղեցական առաքելութիւնը:

Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Ներսէս քհնյ. Ճերմակեանը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատանք արձանագրած է Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին` անոր 45-ամեայ ծառայութեան առիթով:

0831_karakash4Յանուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին Յակոբ Այնթապլեան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանի շքանշանով պատուեց Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը:

Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան կարճ խօսքով մը շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն` վստահեցնելով ներկաներուն, թէ ինք «պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը իր ազգին եւ եկեղեցիին, այնքան ատեն որ իր առողջութիւնը կը ներէ»:

Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ շնորհաւորեց Այնճարի հայութիւնը` այս ուրախ առիթով մաղթելով, որ Ս. Պօղոս եկեղեցին աւելի պայծառանայ եկող տարիներուն:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան շնորհաւորելու տէր հայրը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES