Բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան Այցելեց «Ազդակ»
Շաբաթ, 30 օգոստոսի յետմիջօրէին «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան 2014» մրցումի մրցանակակիր «Թեւանիկ» ժապաւէնի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան:
Հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու «Թեւանիկ» ժապաւէնին արձանագրած յաջողութեան եւ ներկայիս հայկական ֆիլմարուեստին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:
Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-ամեակին առիթով վաղը` երեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիթի Մոլ»-ի «Սինեմասիթի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թեւանիկ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

