Լիբանանի 37-րդ Միջազգային Ռելի. Նիքոլա Ամիունի Տիրացաւ Տիտղոսին

0831_the-winnersԼիբանանցի 25 տարեկան վարորդ Նիքոլա Ամիունի երէկ իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծագոյն յաղթանակներէն մէկը արձանագրեց, երբ տիրացաւ Լիբանանի 37-րդ միջազգային ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Ան իր օգնականին` Շատի Պէյրութիի հետ արձանագրեց 2 ժամ 39′ 47” արդիւնք մը:

Ռոտրիք Ռահի-Նեպիհ Ապտալլա (Լիբանան) զոյգը հանդիսացաւ երկրորդ (2 ժամ 41′ 15”), մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ մասնակիցը հանդիսացաւ քաթարցի Ապտել Ազիզ Քուարի, որ իր օգնականին Քելիըն Տաֆիի հետ (Իրլանտա) արձանագրեց 2 ժամ 43′ 02” արդիւնք մը:

Նշենք, որ այս ռելիին արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ:

Ռոժէ Ֆըղալի եւ անոր եղբայրը` Ապտօ, քիչ մը անբախտ գտնուելով չկրցան ռելին շարունակել` ինքնաշարժի արկածներ ունենալու պատճառով:

Իսկ քաթարցի Խալիֆէ Սալեհ Աթիէի ինքնաշարժը ամբողջութեամբ այրեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի մրցանակաբաշխութեան, անիկա տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ»-ի մէջ (Քասլիք):

Share this Article
CATEGORIES