«Սկովտիոյ Անկախութիւնը Կը Սպառնայ Գործազրկութիւն Ստեղծել» Կ՛ըսէ Քամերոն

0829_Cameron«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ին,  կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Սկովտիոյ բնակչութեան կոչ ուղղած է մտածելու այն մասին, որ սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէի ընթացքին Սկովտիոյ անկախութեան օգտին քուէարկելու պարագային շատ հաւանաբար  աշխատատեղերու կրճատումներ արձանագրուին:

Ըստ Քամերոնի, Բրիտանիան աշխարհի հնագոյն եւ առաւել յաջողակ ընդհանուր շուկաներէն մէկն է, իսկ Սկովտիոյ եւ Բրիտանիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը կրկնակի կը գերազանցէ միւս երկիրներուն հետ Սկովտիոյ առեւտուրի ծաւալը:

Հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ հանրաքուէի իբրեւ արդիւնք Սկովտիոյ Բրիտանիայէն անջատուելու հաւանականութիւնը քիչ է:

Սկովտիոյ անկախութեան հանրաքուէն նախատեսուած է 18 սեպտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES