Օպամա Դէմ Է Ուքրանիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Միջամտութեան

Oպամա
«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բացառած է ուքրանական ճգնաժամին մէջ ամերիկեան զինուորական միջամտութիւնը:
«Մենք զինուորական գործողութիւնները ուքրանական խնդիրի լուծում չենք նկատեր», յայտարարած է ան` նշելով, որ իրենք հակուած են ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան:
Նախագահը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ լուրջ կը վերաբերին պաշտպանութեան պարտականութիւններուն այն պետութիւններուն, որոնք ընդգրկուած են ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ: Եւ Ուքրանիան կը գտնուի անոնց կողքին:
Օպամա նախապէս յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ 18 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Սպիտակ տուն:
CATEGORIES Միջազգային

