«Կազփրոմ» Խըրխըզիստանի Համար Գրեթէ Կէսի Պիտի Իջեցնէ Կազի Գինը
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեկ Աթամպայեւ պետական անկախութեան օրուան ձեռնարկին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը հոկտեմբերէն Խըրխըզիստանի սպառողներուն բնական կազը պիտի վաճառէ հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 165 տոլար արժէքով:
«Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլըրի հետ հանդիպումին ընթացքին մենք գրեթէ 2.5 ժամ քննարկած ենք հանրապետութեան կազ ապահովելու իրավիճակը: Իբրեւ արդիւնք` գոյացած են ռազմավարական տեսանկիւնէն շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններ», նշած է երկրին նախագահը:
Ըստ անոր, մասնաւորաբար խօսք եղած է այն մասին, որ կազը սպառողներուն համար Խըրխըզիստանի հիւսիսային շրջաններուն եւ Պիշքեքի մէջ 1 հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի արժանանայ` հազար խորանարդ մեթրի համար 224 տոլարէն դառնալով 165 տոլար:
Աթամպայեւ նաեւ յայտնած է, որ այժմ կ՛որոշուի երկրին հարաւային շրջաններուն կազ ապահովելու հարցը:

