Ւրոպական Միութեան Նոր Նախագահը Կրնայ Լեհաստանի Վարչապետը Ըլլալ

Տոնալտ Թուսք
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Սալկոժաթա Քիտաւա-Պլոնսքայա յայտնած է, որ եւրոպացի ղեկավարները Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքին կը համոզեն վարելու Եւրոպական Միութեան նախագահի պաշտօնը:
«Եւրոպացի ղեկավարները առաւել աշխուժօրէն կը համոզեն Տոնալտ Թուսքին` վարելու Եւրոպական Միութեան նախագահի պաշտօնը, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է տայ վարչապետը: Ան լրջօրէն կը սերտէ այդ առաջարկը` վերլուծելով հետեւանքները Լեհաստանի անվտանգութեան համար, յատկապէս` Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին դէպքերուն լոյսին տակ», նշած է ան:
Լեհաստանի մէջ միեւնոյն ժամանակ խօսակցութիւններ կը կատարուին վարչապետի պաշտօնին վրայ Թուսքը փոխարինողին մասին, եթէ վերջինս վարէ Հերման Վան Ռոմփէյի պաշտօնը: Երկրին սահմանադրութեան համաձայն, Պրիւքսէլի մէջ բարձր պաշտօն ստանալու պարագային Թուսք ստիպուած պիտի ըլլայ լքելու վարչապետի պաշտօնը: Փորձագէտները չեն բացառեր, որ անոր պատճառով երկրին մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարուին:

