Մոսատ Զգուշացուցած Է Ֆրանչիսկոս Պապին Դէմ Նախապատրաստուող Մահափորձէ Մը

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

Իտալական «Իլ Թեմփօ» օրաթերթը` վկայակոչելով իսրայէլեան աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը դարձած է ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր թիրախներէն մէկը:

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրը իտալական օրաթերթին յայտնած է. «Իսլամականները Հռոմի պապը կը տեսնեն իբրեւ գլխաւոր խորհրդանիշ քրիստոնէական հաւատքին, զոր իրենք հերետիկոսութիւն կ՛անուանեն»:

Կը նշուի, որ պապը միշտ ալ ցանկալի թիրախ եղած է իսլամական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու համար: Թէեւ իտալական հետախուզութիւնը պապին դէմ մահափորձ կատարելու վերաբերեալ անմիջական նախանշաններ չէ յայտնաբերած, սակայն երկրին ամբողջ տարածքին ահաբեկչական սպառնալիք յայտարարուած է:

Վատիկանի մամլոյ ծառայութենէն նշած են, որ կը վերահսկեն իրավիճակին եւ ներկայ պահուն «պապին անվտանգութեան համար մտահոգուելու իսկական պատճառ չեն տեսներ»:

Share this Article
CATEGORIES