Փութին. «Ուքրանիոյ Նախագահին Հետ Տագնապը Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Համաձայնութիւն Մը Ունինք»

Վլատիմիր Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ուքրանական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելու եւ ենթակառոյցներու վերակառուցման համար հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ հետ առարկայական ու խորքային երկխօսութեան սկսելու»:
«Ռուսական իշխանութիւնները Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու», ըսաւ ան:
«Անհրաժեշտ է ձգտիլ գործադրելու այն ծրագիրը, որուն շուրջ մենք համաձայնած ենք: Անհրաժեշտ է անյապաղ անցնիլ էական ու բովանդակալից բանակցութիւններու` ոչ թէ թեքնիք հարցերու շուրջ, այլ հասարակութեան քաղաքական կազմաւորման եւ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ պետականութեան հարցերու շուրջ` նպատակ ունենալով անվերապահօրէն պաշտպանել այնտեղ ապրող քաղաքացիներուն օրինական շահերը», ըսաւ Փութին:
«Կազեթա» կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ պատժամիջոցներու պատճառով ռուսական շուկան լքած եւրոպական ընկերութիւններուն համար դժուար պիտի ըլլայ վերադառնալ այդ շուկան:
«Մեր աւանդական մատակարարներուն համար վտանգը այն է, որ երբ այս կամ այն ընկերութիւնները կ՛ամրապնդուին որոշ շուկայի մը մէջ, մասնաւորաբար խօսքը ռուսական շուկային մասին է, հետագային զանոնք այստեղէն դուրս բերելը շատ դժուար պիտի ըլլայ կամ նոյնիսկ գրեթէ անկարելի», ըսած է ան:
Ըստ անոր, եւրոպական առեւտուրի ներկայացուցիչները ատիկա կը հասկնան եւ «հիասթափուած են իրենց պետութիւններուն քաղաքականութենէն»:
Փութին նշած է, որ այժմ Ռուսիան կ՛աշխատի արտասահմանեան այլ արտադրողներու հետ` լատին ամերիկեան երկիրներու, «արեւելեան գործընկեր»-ներու եւ չինացի արտադրողներու հետ:
«Տարօրինակ էր լսել այն, որ եւրոպացի գործընկերները կը դիմեն անոնց` չմատակարարելու իրենց արտադրութիւնը Ռուսիոյ, որովհետեւ ատիկա նոյնիսկ ծիծաղելի է: Դժուար է պատկերացնել, որ առեւտուրի ներկայացուցիչները պիտի չօգտուին այս առիթէն` մեր շուկան մուտք գործելու համար», ըսած է Փութին:

