Նազարպայեւ Յայտարարած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Ղազախստանի Դուրս Գալուն Հաւանականութեան Մասին

Նուրսուլթան Նազարպայեւ
«News.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու հաւանականութեան մասին յայտարարութիւն կատարած է: Լրատուամիջոցները ենթադրած են, որ այդպիսով Ղազախստանի նախագահը արձագանգած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, որ կասկած յայտնած է ղազախական պետականութեան վերաբերեալ:
Ասթանայի մէջ «Խապար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Նազարպայեւ յայտարարած է. «Եթէ օրէնքները, որոնք նախապէս հաստատուած էին համաձայնութեան մէջ, չեն կատարուիր, ապա Ղազախստանը ունի ամբողջական իրաւունք հրաժարելու Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն: Ասթանան երբեք պիտի չըլլայ կազմին մէջ այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն Ղազախստանի անկախութեան»:
«Մեր անկախութիւնը մեր ամէնէն սուղ գանձն է, որուն համար պայքարած են մեր պապերը: Նախ եւ առաջ մենք երբեք չենք յանձներ մեր անկախութիւնը, երկրորդ` մենք պիտի ընենք կարելի ամէն բան` զայն պահպանելու համար», ըսած է Նազարպայեւ:
Ըստ կայքին հաւանաբար Ղազախստանի նախագահի խօսքերը կապուած են անոր հետ, որ 29 օգոստոսին «Սելիկեր» երիտասարդական համախմբումին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Նազարպայեւը ստեղծած է պետութիւն տարածքի մը մէջ, «ուր պետութիւն երբեք չէ եղած»:

