Կոլանի Մէջ Առեւանգուած Ֆիլիփինցի Խաղաղապահները Փրկուեցան
ՄԱԿ հաղորդեց, որ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող իր խաղաղապահներէն 32 ֆիլիփինցիներ, որոնք Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն կողմէ առեւանգուած էին փրկուած են: ՄԱԿ-ի մէկ բանբերը յայտնեց. «Գետնի վրայ կացութիւնը հանդարտ, սակայն լարուած է»:
Քառասուն այլ խաղաղապահներ յաջողեցան Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն կողմէ 7 ժամ պաշարուելէ ետք փախուստ տալ, երբ ինքնապաշտպանութեան համար կրակ բանալով հակադարձած են:
Ժապհաթ Նուսրայի անդամ զինեալները յայտնեցին, որ գերեվարած են 44 ֆիճիցի խաղաղապահներ: Անոնք նաեւ գրաւած են Կոլանի` Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած հատուածին հետ սահմանային անցք մը:
ԱՆՏՈՖ-ի անդամ ֆիճիցի զինուորները գերեվարուեցան չորեքշաբթի օր` Քունէյթրայի մօտ կառավարական ուժերու եւ իսլամական զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին:
Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը:

