«Իսլամական Ահաբեկչութիւնը Արդէն Մէկ Ամիսէն Պիտի Հասնի Եւրոպա» Ըսաւ Ապտալլա Թագաւոր

Ապտալլա թագաւոր
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը զգուշացուցած է, որ եթէ իսլամականներուն հակազդող անմիջական քայլեր չձեռնարկուին, ապա միջինարեւելեան ահաբեկչութիւնը մօտ ատենէն պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը համապատասխան յայտարարութեամբ դիմած է օտար երկիրներու դեսպաններուն` ուրբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Կը խնդրեմ ձեզմէ` այս ուղերձը փոխանցել ձեր ղեկավարներուն: Ահաբեկչութիւնը չարիք է, որուն դէմ անհրաժեշտ է պայքարիլ անյապաղ եւ խելացի քայլերով: Եթէ քայլեր չձեռնարկուին, ես վստահ եմ, որ մէկ ամիս ետք ահաբեկչութիւնը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ», յայտարարած է թագաւորը:
CATEGORIES Միջազգային

