Զարիֆ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիա Այցելելու Եւ Ֆայսալ Իշխանը Թեհրանի Մէջ Հիւրընկալելու

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց այցելելու Սէուտական Արաբիա եւ իր սէուտցի պաշտօնակից Սէյուտ Ֆայսալը հիւրընկալելու Թեհրանի մէջ: «Պէտք է Սէուտական Արաբիոյ հետ միասնաբար գործենք ընդդէմ ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցին` Զարիֆ յայտնեց, որ այդ քայլը կը հակասէ Ժընեւի համաձայնութեան: «Այս միջոցառումները լուծումի հասնելու ճամբուն մթնոլորտը կը բարդացնեն»:
Զարիֆ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը կրեն իրենց որդեգրած միջոցառումներուն հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը, իսկ Իրան իրեն կը վերապահէ անհրաժեշտութեան պարագային այդպիսի միջոցառումի մը հակադարձելու իրաւունքը:
«Թեհրանի դէմ Ուաշինկթընի որդեգրած նոր պատժամիջոցները կը խախտեն Իսլամական հանրապետութեան եւ Վեցեակին միջեւ Ժընեւի համաձայնութիւնը, անոնք շինիչ չեն եւ կը հակասեն Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող Ժընեւի համաձայնութեան», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

