Իրաքեան Ուժեր Ամերլին Փրկեցին Պաշարումէն

0831_Shia-TurkmenԻրաքեան ուժեր հասան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու կողմէ պաշարուած Ամերլի քաղաքը, որ կը գտնուի հիւսիսային Իրաքի մէջ:

Իրաքեան ուժերը նշեալ յաջողութիւնը արձանագրեցին, երբ ամերիկեան օդուժը հարուածեց քաղաքին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ օդանաւերը իրենց կարգին մարդասիրական օժանդակութիւն նետեցին:

Շուրջ 15 հազար շիի թիւրքմեններ երկու ամիսէ ի վեր Ամերլիի մէջ պաշարուած էին: Իրաքեան բանակն ու կամաւորներու միլիսը երէկ մուտք գործեցին քաղաք: Բայց եւ այնպէս քաղաքը կը շարունակէ վտանգաւոր վայր մը մնալ, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց ետին ձգած են բազմաթիւ ականներ:

Գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են ՏԱՀԵՇ-ի 15 զինեալներ:

Share this Article
CATEGORIES