Սինիորա. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Այս Կամ Այն Առանցքին Կողմնակալ Չըլլայ»

0831_Siniora«Սայիտաթ Ժապալ»-ի հանդիպումին կազմակերպած խորհրդաժողովին առիթով, երէկ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա «Լը Կապրիէլ» պանդոկին մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց լիբանանեան պետութեան շարունակականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան միասնականութիւնը խորհրդանշող լիբանանցի անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք չենք հաւատար կողմնակալ հանրապետութեան նախագահի մը, այլ կ՛ուզենք նախագահ մը, որ միջազգային թէ շրջանային այս կամ այն առանցքին կողմնակալ չըլլայ», ըսաւ ան:

Սինիորա կոչ ուղղեց յարգելու բանակն ու օրէնքը, ինչպէս նաեւ զօրակցելու երկրին ապահովական հաստատութիւններուն եւ յատկապէս բանակին:

Սինիորա շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ տեսակի ծայրայեղութիւն կամ ահաբեկչութիւն կը քաջալերեն, ըլլայ ան կրօնի, համայնքի թէ կուսակցութեան անունով: Ան աւելցուց, որ ինք կը զօրակցի Թաէֆի համաձայնագիրին, քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութեան եւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ օրէնքի եւ հաստատութենական պետութեան կերտումին:

Սինիորա խստիւ դատապարտեց կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու քայլը: «Ես ահաբեկիչներուն հետ ոչ մէկ կապ կրնամ գտնել, այլ` ձեզի հետ աւելի մտերիմ կը զգամ, քան անոնց, որոնք Թեհրանի մէջ Ֆաքիհի վիլայեթի դրօշը բարձրացուցած են կամ Ռաքքայի ու Մուսուլի մէջ իսլամական խալիֆայութեան դրօշակը բարձրացուցած: Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, միասնաբար եւ ազգային համերաշխութեան հիման վրայ պէտք է կերտենք մեր պետութիւնը` ամրապնդելով երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ Սինիորա:

Միւս կողմէ, «Սայիտաթ Ժապալ»-ի հանդիպումին խորհրդաժողովին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ ահաբեկչութիւնը պէտք է դատապարտուի երկու պարագաներուն` թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ եւ թէ՛ սուրիացի քաղաքացիներուն ու Կազայի բնակչութեան դէմ գործուելու պարագային:

Հանդիպումը հաստատեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին պաշտպանութիւնը փոքրամասնութիւններու դաշինքով կարելի չէ իրականացնել` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն հարցին լուծման առումով մասնակի լուծում գոյութիւն չունի, այլ` ընդհանուր եւ ամբողջական լուծում, որ կը վերաբերի Միջին Արեւելքին:

Հանդիպումը կոչ ուղղեց շրջանային մակարդակի վրայ տարածելու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան եւ համերաշխութեան լիբանանեան օրինակը:

Share this Article
CATEGORIES