ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշակի Հրկիզում եւ Իսլամական Արձանագրութիւններ
Շաբաթ կէսօրէ ետք Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ ուսանողներ հրկիզեցին ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակը:
Աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկչական խմբակին դրօշակը այրելու այս արարքը դատապարտուեցաւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ, որ շեշտեց, որ «յանցագործները» դատական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի հետապնդուին` դիտել տալով, որ անոնք կրօնական խորհրդանիշ մը հրկիզած են, ինչ որ կրնայ գրգռութիւններ հրահրել:
Ռիֆի ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտէն պահանջեց հետապնդել դրօշակը այրողները եւ զանոնք խիստ պատիժի ենթարկել:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ինք պաշտպան փաստաբանը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը հրկիզող երիտասարդներուն:
Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական հաւատադրժողական շարժում մըն է, որուն հանդէպ իրենց մերժումը արտայայտած են երիտասարդները` հրկիզելով անոր դրօշակը:
Քանաան մաղթեց, որ Ռիֆի յետս կը կոչէ ուսանողները հետապնդելու իր որոշումը:
Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ պահանջուածը ՏԱՀԵՇ-ի հրկիզումն է եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակին հրկիզումը:
Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակին հրկիզումը լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ կրնայ պատահիլ, որովհետեւ լիբանանցիները դէմ են հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:
Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ժապհաթ Նուսրայի զօրակցող երիտասարդներ Թըպպանէի մայրուղիին վրայ հրկիզած են խաչեր` պատասխանելու համար Սեսինի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակի հրկիզումին:
Իսկ երէկ առաւօտեան, Թրիփոլիի Քըպպէ եւ Մինա շրջաններուն մէջ գտնուող Մար Մխայել եւ Մար Էլիաս եկեղեցիներուն պատերուն վրայ
գտնուեցան արձանագրութիւններ, որոնք կ՛անդրադառնային իսլամական պետութեան գալուստին:
Բանակի շրջուն ջոկատ մը անմիջապէս փութաց դէպի այդ եկեղեցիները եւ մաքրեց այդ արձանագրութիւնները` ամրապնդելով անոնց շուրջ իր դիրքերը:
Մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ ոմանք կրնան ծայրայեղ ըլլալ, սակայն ինք համոզուած է, որ այդ իրականութիւնը իսլամ լիբանանցիին չի վերաբերիր:
Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս ըսաւ, որ սպառնալիքներու շրջագիծին մէջ կատարուած այս յայտարարութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ, այլ կը փորձեն երկիւղի մատնել քաղաքացիները:
Արդարութեան նախարարը պահանջեց նաեւ հետաքննութիւն բանալ խաչերու հրկիզման արարքին գծով` շեշտելով, որ խաչը քրիստոնէական խորհրդանիշ է եւ անընդունելի է նման բան կատարել:
Ռիֆի ընդհանուր դատախազէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ եւ բացայայտել յանցագործներուն ինքնութիւնն ու զանոնք խստիւ պատժել:

