Մուսա Սատըրի Անհետ Կորսուելուն 36-Ամեակին Առիթով . Պըրրի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւններուն Առաջնահերթութիւնը

Պըրրի` պատկերասփռուած խօսքին ընթացքին
Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անհետ կորսուելուն 36-րդ տարելիցին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այն Թինէէն արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք չէ առանց գլուխի պահել», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները առկայ են եւ տակաւին կան երկիրներ, որոնք կը շարունակեն զէնք ու զինամթերք տրամադրել բանակին:
Անդրադառնալով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` Պըրրի ընդգծեց, որ անոր դէմ պայքարը միայն սիւննի համայնքին պարտականութիւնը չէ, իսկ Իսրայէլի դէմ պայքարը միայն շիի համայնքին պարտականութիւնը չէ, միւս կողմէ` փոքրամասնութիւններու բռնագաղթին դէմ պայքարը միայն քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը չէ, այլեւ` այս բոլորը ազգային միացեալ պատասխանատուութիւն կը նկատուին: «Հետեւաբար ահաբեկչութեան, իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ բռնագաղթին դէմ պայքարը ազգային պատասխանատուութիւն է, որ կը մղուի պետութեան կողմէ եւ պէտք է վերածուի արաբական ու միջազգային միացեալ պատասխանատուութեան», ըսաւ ան:
Պըրրի վերահաստատեց բանակը հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը` զինուորներուն թիւը եւ անոր զէնքերը աւելցնելու առումով:
Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը չխոչընդոտելու եւ երկիրը ահաբեկչութեան ենթակայ չդարձնելու:
Պըրրիի արտասանած խօսքին ընթացքին Պէյրութի շրջակայքին եւ Սայտայի մէջ արձանագրուեցան ուրախութեան կրակոցներ:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան լիբանանեան պատկերասփիւռի ութ կայաններ` «Թելէ Լիպան», «Էն. Պի. Էն.», «Մուսթաքպալ», «Էլ. Պի. Սի.», «Օ. Թի. Վի.», «Էմ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Մանար» միացեալ լրատուութիւն մը սփռեցին` իմամ Մուսա Սատըրի անհետ կորսուելուն 36-ամեակին առիթով:
Լրատուութեան մէջ շեշտուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի քաղաքական եւ ազգային համոզումներուն իրաւացիութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը պահպանելու առումով:
Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ` շեշտելով, որ այսօր անհրաժեշտ է որդեգրել իմամ Մուսա Սատըրի փորձառութիւնը եւ որդեգրել անոր քաղաքական ուղեգիծը` լիբանանցիներուն հասարակ յայտարարներուն շուրջ:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իմամ Սատըրի մօտեցումը` լիբանանեան ազգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան շուրջ` պէտք է ըլլայ փաստ մը, որ պէտք է մղէ լիբանանցիները վերջ տալու համայնքային եւ քաղաքական երկփեղկումին եւ լարուածութեան:
Վարչապետը ընդգծեց, որ Մուսա Սատըր եւ անոր համոզումներուն ճշգրտութիւնը պէտք է միացնեն լիբանանցիները:

