Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

Ապահովական Նիստէն Պահ Մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Խէյր, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նախարարական յանձնախումբը լուռ, համբերութեամբ եւ առանց որեւէ ճիգ խնայելու կը շարունակէ իր աշխատանքը` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ գոհունակութիւն յայտնած է հինգ զինուորներուն ազատ արձակումին համար եւ յոյս յայտնած, որ իրենց թափած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ առեւանգեալ բոլոր զինուորները եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամները ազատ արձակել ու զանոնք ողջ-առողջ իրենց ընտանիքներուն վերադարձնել:
Նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները զեկուցեցին Լիբանանի եւ յատկապէս Արսալի մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ տրուեցան յստակ որոշումներ` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ շաբաթ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած զինուորներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարարին:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար առեւանգուած զինուորները:

