Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Ազատ Արձակուած Հինգ Զինուորները
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, բանակը ստանձնած է Արսալի բախումներուն ընթացքին առեւանգուած զինուորներ Իպրահիմ Մուսթաֆա Շաապանը, Մոհամետ Օմար Քատիրին, Ահմետ Ապպուտ Ղիէն, Ուաէլ Սայիտ Տարուիշը եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն Սալեհ Պարատիհին:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ազատ արձակուած զինուորները յանձնեց իրենց ընտանիքներուն:
Ազատ արձակուած զինուոր Իպրահիմ Շաապան Աքքարի մէջ յայտնեց, որ Ալի Սէյիտ, որուն սպանութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած էին, ողջ է:
Աքքար տօնակատարութեան մթնոլորտի մէջ էր նաեւ Ահմետ Ղիէի ազատ արձակումով:
Սալեհ Պարատիհի ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Պաալպեքի մէջ. ան մաղթեց, որ առեւանգուած բոլոր զինուորները վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:
Մոհամետ Քատիրի իր կարգին ընդունուեցաւ Ղազզէ գիւղաքաղաքին մէջ, իսկ Ուաէլ Տարուիշի ի պատիւ Շհիմ գիւղաքաղաքը տօնեց անոր վերադարձը:
Կարգ մը զինուորներու ազատ արձակումին զուգահեռ, առեւանգուած այլ զինուորներուն ընտանիքները շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցերը եւ Պեքաայի ու հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակեցին ճամբաները:
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Լապուէի ճամբան երկու ուղղութիւններով փակուեցաւ առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն կողմէ, որոնք կառավարութենէն, բանակի հրամանատարէն եւ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիէն պահանջեցին իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:
Զինուորներուն հարազատները հրկիզուած անիւներով փակեցին նաեւ Թայա շրջանը, որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ Նուքթա Ռապիհա, ինչպէս նաեւ Հալպա-Թրիփոլի միջազգային ճամբան:
Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած մնացեալ զինուորները ազատ արձակելու պահանջներէն էր, որ Հըզպալլա Քալամունի ճակատամարտին չմասնակցի, այլապէս առեւանգուած զինուորները պիտի սպաննուին:
Նուսրա պահանջեց նաեւ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ներում հայցէ` Էշրեֆիէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը հրկիզելու քայլին պատճառով, որպէսզի կարելի ըլլայ քրիստոնեայ երկու զինուորները եւս ազատ արձակել:
«Ապտալլա Ազզամ» փաղանգի պատասխանատու Սրաժէտտին Զրէյքաթ իր կարգին յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա իր անխոհեմ քայլերով շարժած չըլլար, ապա լիբանանցի զինուորներ պիտի չառեւանգուէին:
Միւս կողմէ, սակայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար քրիստոնեայ երկու զինուորները:
Մինչ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յայտարարեց, որ Արսալէն աւետիսներ կան` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին առիթով, անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխաններէն մէկը Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) միջոցով բանակցութիւններ կը կատարէ` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով:
Ապու Թաքիէ իր կարգին յայտնեց, որ քրիստոնեայ զինուորներուն ազատ արձակումը արգելակած են Սեսին հրապարակին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակներուն հրկիզումը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւնները:

