Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Աղջկանց Կրան Փրիի Մրցաշարք. Էլինա Դանիէլեանի 2-րդ Յաղթանակը
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի աղջկանց ճատրակի կրան փրիի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան:
5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ան ճերմակ քարերով յաղթեց Զիւյէ Զհաոյին:
12 մասնակցողներուն մէջ այժմ Դանիէլեան 2,5 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը 4 կէտով կը գրաւէ Եիֆան Հու:
CATEGORIES Մարզական

