«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Կորսնցուց Տարեշրջանի Իր Առաջին Երկու Կէտերը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտերը, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շալքէի հետ` վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պայէրնի կոլը (10-րդ), իսկ Պենետիքթ Հոյեվետես` Շալքէի կոլը (62-րդ):
Տարեշրջանը պարտութեամբ սկսած Պորուսիա Տորթմունտ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Օկզպուրկի դաշտէն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մարքօ Ռէոս (11-րդ), Սոքրաթիս Փափասթաթոփուլոս (14-րդ) եւ Ատրիան Ռամոս (79-րդ):
Նշենք, որ 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Պայէր Լեւերքուզըն միակ խումբն ըլլալով արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ 6 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անիկա իր երկրորդ մրցումին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Հերթա Պերլինի:

