Ճատրակ. Սենթ Լուիսի Մրցաշարք. Արոնեան Պարտուեցաւ Քարուանայէն

0831_AronianՍենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան պարտուեցաւ իտալացի Ֆապիօ Քարուանայէն: Արոնեան կը մրցէր սեւ քարերով:

Իր կատարած առաջին մրցումին Արոնեան հաւասարութիւն  մը արձանագրեց Հիքարու Նաքամուրայի հետ, երկրորդին յաղթեց Վեսելին Թոփալովի, իսկ 3-րդին պարտութիւն մը կրեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւէն:

5-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է Մակնիւս Քարլսըն:

Ստորեւ դասաւորումը` 4-րդ հանգրուանէն ետք.

  ԿԷՏ
1.- Ֆապիօ Քարուանա 4
2.- Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ 2
3.- Մակնիւս Քարլսըն 1,5
4.- Հիքարու Նաքամուրա 1,5
5.- Լեւոն Արոնեան 1,5
6.- Վեսելին Թոփալով 1,5

——————–

Share this Article
CATEGORIES