4 Պայմանագրային Զինուորական Ծառայողներ Ականի Պայթիւնէ Ծանր Մարմնական Վնասուածքներ Ստացան
Հայ-ազրպէյճանական սահմանի` Տաւուշի մարզի հատուածին վրայ ականի պայթիւնէ ծանր մարմնական վնասուածքներ ստացած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 4 զինուորական ծառայողներ: «Երկիր»-ի տեղեկութիւններով` 28 օգոստոսին Մեհրապի զօրամասի 4 զինուորական ծառայող ծանր մարմնական վնասուածքներ ստացած են ականի պայթիւնէն: Վիրաւորները պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայողներ չեն` բոլորն ալ պայմանագրային զինուորական ծառայողներ են:
Դէպքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պարզելու համար «Երկիր» դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանին: Ան առայժմ զերծ մնաց դէպքին մանրամասնութիւններուն առնչութեամբ մեկնաբանութիւններ կատարելէ` նշելով միայն, որ վիրաւորները այժմ կը գտնուին Երեւան` Մուրացանի հիւանդանոց, եւ անոնց առողջական վիճակը ծանր կայուն է:

