Աւարտեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Փառատօնը

0831_eritՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 20-26 օգոստոս 2014-ին Մալթայի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային փառատօնը:

Փառատօնին կը մասնակցէին աւելի քան 1000 հոգի` աշխարհի 65 երկիրներէ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը փառատօնին կը մասնակցէր երկու ներկայացուցիչով` Կարապետ Շադոյեան եւ Սարինէ Աբրահամեան:

Փառատօնին բացման հանդիսութեան կը մասնակցէին Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթը (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչներ: Ելոյթով հանդէս եկան Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահը եւ ընդհանուր քարտուղարը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները մասնակցեցան փառատօնին ընթացքին կազմակերպուած քաղաքական բանավէճերուն եւ աշխատանոցներուն` արդի քաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ, ուր ներկայացուցին իրենց տեսակէտները:

Մասնաւորապէս ընդգծելի էր անոնց ելոյթը Սեւծովեան շրջանի համագործակցութեան օրակարգով աշխատանոցին ընթացքին, ուր ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները ներկայացուցին Հայաստանի ներկայիս ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը` նշելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման հետեւանքները, Եւրասիական միութեան` Հայաստանի անդամակցելու որոշումին եւ Եւրոպայի կողմէ Հայաստանին չօժանդակելու հարցերը:

Իրենց ելոյթին յաջորդ բաժինին մէջ անոնք անդրադարձան Հայաստանի, Արցախի եւ  Ազրպէյճանի սահմանին վրայ վերջին շաբաթներուն ընթացքին ստեղծուած պատերազմական իրավիճակին, Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած Կարէն Պետրոսեանի սպանութեան, Ազրպէյճանի իշխանութեան ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, որոնց ամէնէն ցայտուն նմուշներէն են Ալիեւի թուիթըրեան գրառումները` պատերազմի սպառնալիքով:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ թէեւ Հայաստանը պատրաստ է պատերազմի, սակայն իրենք համոզուած են, որ պատերազմը լուծում չէ, եւ տագնապի լուծման միակ ուղին խաղաղ բանակցութիւններն են:

Փառատօնին ընթացքին քաղաքական բանավէճերէն եւ աշխատանոցներէն բացի կազմակերպուած էին մարզական մրցումներ, շրջագայութիւն դէպի Մալթայի տեսարժան վայրեր եւ երկրին ընդհանուր ծանօթութիւն:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները կապեր ստեղծեցին տարբեր երկիրներու ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Փակման հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկան Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահ Ֆելիփէ Խելտրեսը, ընդհանուր քարտուղար Էուին Ինչիրը եւ Մալթայի Ընկերվարական երիտասարդական կազմակերպութեան ատենապետ Ալեքս Սալիպան: Անոնք շնորհակալութիւնը յայտնեցին բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ փառատօնը անցաւ յաջող եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ: Միաժամանակ բոլորին յաջողութիւն մաղթեցին եւ վստահեցուցին, որ միասին` բոլորին ջանքերով կրնանք ունենալ աւելի արդար եւ ընկերվար աշխարհ:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականին ուղեկից միութիւն է: Միութեան կ՛անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

Share this Article
CATEGORIES