Նախարար Նալբանդեան Ընդունեց Լիթուանիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը
Շաբաթ, 30 օգոստոսին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Լիթուանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հետ Լիթուանիոյ Սէյմասի բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիդէի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց անոնց գործունէութիւնը` ուղղուած հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու զարգացումին եւ խորհրդարանական կապերու ամրապնդման: Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանը եւ Լիթուանիան յաջողութեամբ կը գործակցին, անոնց բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները յաճախակի դրութեամբ տեղի կ՛ունենան:
Էդուարդ Նալբանդեան առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հետ բարեկամութեան խումբի գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ գործունէութեան բարձր գնահատականին համար` լիթուանացի խորհրդարանականները վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղղուած իրենց գործունէութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, միջազգային եւ շրջանային շարք մը խնդիրներու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան հիւրերուն ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը:

