Կռփամարտ. Ալոնեան` Ռուսիոյ Ախոյեան. Յարութիւնեան` Պրոնզէ Մետալակիր

0831_aloyanArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Տոնի Ռոսթովի մէջ տեղի ունեցող Ռուսիոյ կռփամարտի ախոյեանութեան 52 քկ դասակարգին մէջ, Միշա Ալոյեան հանդիսացած է ախոյեան: Ան չորրորդ անգամ ըլլալով կը հասնի այսպիսի յաջողութեան:

Ալոյեան ոսկի մետալին տիրացաւ առանց աւարտական իր ճակատումը կատարելու` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` Վասիլի Վեթքին, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով հրաժարեցաւ այդ ճակատումէն:

Պրոնզէ մետալին տիրացաւ հայազգի այլ կռփամարտիկ մը` Կարէն Յարութիւնեան:

Հայկական աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Ալոյեան աշխարհի կրկնակի ախոյեան եւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր է:

Share this Article
CATEGORIES