Այսօր Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղիին Մէջ. Ժողով` Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ա. Դասակարգի Ակումբներու Նախագահներուն Հետ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին  մէջ այսօր` երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ժողով մը պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ տղոց Ա. դասակարգի ակումբներու նախագահներուն միջեւ:

Այս ժողովին ընթացքին ֆետերասիոնը պիտի քննարկէ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին հարցը, օտար մարզիկներու նիւթին շուրջ պիտի լսէ ակումբներուն առաջարկները, որպէսզի կարելի ըլլայ այս բոլորով մէկտեղ յաջող ախոյեանութիւն մը կազմակերպել:

Share this Article
CATEGORIES